Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանին նախաձեռնութեամբ եւ Արցախի մշակոյթի, երիտասարդութեան հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան աջակցութեամբ, Ստեփանակերտի պատկերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արցախի պատմութիւնը եւ մշակոյթը: Աշխարհի թանգարանները» խորագիրով միջշրջանային մրցում, որուն մասնակցեցաւ Ստեփանակերտի, Հադրութի, Մարտունիի, Մարտակերտի, Շուշիի եւ Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ համայնքներու 6 խումբ: Խաղը բաղկացած էր երեք փուլերէ. իւրաքանչիւր փուլին հնչած է 12 հարցում, ընդհանուր առմամբ՝ 36: Այս մասին կը հաղորդէ Artsakhpress.am-ը։
Արցախի պետական պատմաերկրագիտական թանգարանի աւագ գիտաշխատող Գոհար Աբրահամեան ըսած է, որ թանգարանի հիմնադրութեան 80-ամեակին նուիրուած նախաձեռնութիւններէն մէկը կը հանդիսանայ այս մրցումը։
«Խաղը կ՝ամբողջացնէ երկու կարեւոր նպատակ: Առաջին՝ հանրութեան լայն շրջանակներու ուշադրութիւնը հրաւիրել Արցախի պատմութեան լուսաբանման: Վստահ ենք, որ Արցախի պատմութեան, մշակոյթի ուսումնասիրութիւնը եւ հայրենաճանաչութիւնը կը հանդիսանան մեր ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն երաշխիքը՝ նպաստելով երիտասարդներուն մէջ ազգային արժէքներու, գաղափարներու պահպանութեան եւ ամրապնդման, գիտելիքի խորացման ու իմացականութեան բարձրացման: Եւ երկրորդ՝ կարեւորել թանգարանային գործունէութեան էութիւնը, բարձրացնել հետաքրքրութիւնը թանգարաններու նկատմամբ եւ խրախուսել հանրութեան մէջ թանգարան այցելելու մշակոյթի ձեւաւորումը»,- յայտնած է Գ. Աբրահամեան:
Ան նշած է, որ թանգարանի ստեղծման 80 տարիներուն ընթացքին ունեցած են շարք մը ձեռքբերումներ, մեծ թիւով օտար եւ տեղացի այցելուներ: 2018-ի համեմատ՝ 2019-ին թանգարանի այցելուներուն թիւը աւելցած է 7000-ով: