Հայաստանի պատուիրակութիւնը առաջին անգամ մասնակցած է Նոյեմբեր 27-28-ին, Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած «Օտարերկրեայ ուղղակի ներդրումներ» ցուցահանդէսին: ըստ «Արմենփրես»-ի՝ աս մասին յայտնած են ՀՀ Տնտեսութեան նախարարութեան մամլոյ վարչութենէն:
Ցուցահանդէսը մէկ յարկի տակ համախմբած է գործ ընդլայնելու համար նոր հնարաւորութիւններ փնտռող ընկերութիւններ, մատակարարներ, փորձագէտներ, խորհրդատուներ, ներդրումային քաղաքականութեան ոլորտի մասնագէտներ, ազատ տնտեսական գօտիներու կազմակերպիչներ, ներդրողներու աջակցող կառոյցներու ներկայացուցիչներ:
Երկօրեայ ցուցահնդէսի յաճախորդներուն ներկայացուած են Հայաստանի ներդրումային հնարաւորութիւններն ու գործարար միջավայրի առաւելութիւնները, մասնաւորապէս` «eRegulations Armenia» նոր հարթակը, ուր քայլ առ քայլ նկարագրուած են ներդրողներու համար առաւել կարեւոր 18 ընթացակարգերը: «eRegulations Armenia» -ն կը ծառայէ որպէս ուղեցոյց Հայաստանի մէջ գործ սկսելու եւ ընդլայնելու մտադրութիւն ունեցող գործարարներու համար:
«eRegulations Armenia» ելեկտրոնային հարթակը ստեղծուած է ՄԱԿ-ի զարգացման ծրագրի կողմէ` Աւստրիոյ զարգացման գործակալութեան ֆինանսաւորմամբ եւ ՀՀ տնտեսութեան նախարարութեան հետ միասին: