Հայաստանի Հանրապետութեան Լոռիի մարզի Սպիտակ քաղաքին մէջ հանդիսաւոր արարողութեամբ բացուած է ամերիկահայ գործարար, բարերար Քըրք Քըրքորեանի կիսանդրին: Միջոցառման ներկայ եղած են ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը, ՀՀ տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Պապիկեանը, ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարար Արայիկ Յարութիւնեանը, Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Վահագն Վերմիշեանը, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլճեանը, Լոռիի մարզպետ Անտրէ Ղուկասեանը, հոգեւորականներ, հիւրեր:
Արձանի հեղինակը քանդակագործ, ՀՀ ժողովրդական նկարիչ Լեւոն Թոքմաճեանն է: Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնբրես»-ի թղթակիցը, Լեւոն Թոքմաճեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ պատմած է, որ առիթ ունեցած է Քըրք Քըրքորեանի հետ հանդիպելու եւ նուիրելու իր անցեալին ըրած քանդակը:
«Ես շատ լսած եմ Քըրք Քրքորեանի մեծ գործերու, բարերարութիւններու մասին եւ ես ինծի համար որոշեցի պատրաստել անոր քանդակը, առանց որեւէ սպասումներու: Կը մտածէի, թէ երբ ան կու գայ Հայաստան, որ նուիրեմ: Անցան տարիներ, եւ ես օր մը հեռուստացոյցով տեսայ, որ ան ժամանած է Երեւան: Յաջորդ օրը գացի այն հիւրանոց, ուր Քըրքը կը մնար, տարի քանդակը, ան այնտեղ չէր, կանգնած կը սպասէի: Վերադարձաւ, աստիճաններով բարձրանալու ժամանակ, երբ քանդակը տեսաւ, ծունկի իջաւ եւ ըսաւ շատ-շատ լաւ է: Ան հիացած էր այդ աշխատանքով: Տարաւ այդ ճիպսէ քանդակը, սակայն իմ մէջ մնաց զգացողութիւն մը, որ ինչ-որ բան կիսատ է»,-ըսած է Լեւոն Թոքմոճեանը:
Քանդակագործը կ’երազէր ծրագիր մը իրագործել մեծանուն բարերարին նուիրուած: Տարիներ անց հնարաւորութիւն եղաւ պատրաստել մեծ բարերարի քանդակը եւ այն տեղադրել Սպիտակի մէջ:
Աւարտին յիշենք, որ Քանդակագործը կը ծրագրէ նաեւ յառաջիկային քանդակել աշխարհահռչակ Շարլ Ազնաւուրի արձանը: