Քոլումպիոյ մէջ Դեկտեմբեր 9-14 ընթացող UNESCO-ի Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցերով միջկառավարական կոմիտէի 14-րդ նստաշրջանին որոշում կայացուեցաւ Հայաստանի ներկայացուցած «Հայկական տառարուեստը եւ անոր մշակութային դրսեւորումները» յայտը ընդգրկելու UNESCO-ի Մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ: Այս մասին կը յայտնեն ՀՀ ԿԳՄՍ նախարարութենէն:
Մինչ այդ, յայտը փորձագիտական քննութիւն անցած էր եւ UNESCO-ի Գնահատման մարմնի փորձագէտներուն կողմէ արժանացած էր դրական գնահատականի։
Միջկառավարական կոմիտէն UNESCO-ի 2003-ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագրի գլխաւոր մարմիններէն է: Անիկա ստեղծուած է համաձայնագրի 5-րդ յօդուածին համաձայն, կազմուած է 24 անդամ պետութիւններէ: Կոմիտէի կարեւոր գործառոյթներէն է համաձայնագրով սահմանուած ցանկերուն մէջ գրանցուելու նպատակով անդամ պետութիւններու կողմէ ներկայացուած յայտերուն առնչութեամբ վերջնական որոշում կայացնելը: Հայաստանը Կոմիտէի անդամ ընտրուած է 2016-2020 թթ. ժամանակահատուածին համար:
Նստաշրջանին կը մասնակցին աշխարհի 137 երկրի 752 ներկայացուցիչներ, ներառեալ` համաձայնագրին միացած անդամ երկիրներու, UNESCO-ի հովանիի ներքոյ գործող հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, դիտորդներ, ինչպէս նաեւ տարբեր երկիրներու լրատուամիջոցներ: Նստաշրջանին մասնակցելու նպատակով Քոլումպիա մեկնած են UNESCO-ի մէջ ՀՀ մշտական ներկայացուցիչ Ք. Տէր-Ստեփանեանը եւ ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան եւ ժողովրդական արհեստներու վարչութեան գլխաւոր մասնագէտ Ն. Կիլիչեանը։
Նստաշրջանի օրակարգի կարեւորագոյն հարցերէն են տարբեր երկիրներու կողմէ գրանցման ներկայացուած յայտերու քննարկումները: Ներկայացուած է 54 յայտ, որուն 6-ը՝ անյապաղ պաշտպանութեան կարիք ունեցող ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան, 42-ը` մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկերուն մէջ ընդգրկելու, 3-ը` ժառանգութեան պաշտպանութեան լաւ փորձի գրանցամատեանի առաջարկներ եւ 3 յայտ` ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան հիմնադրամի կողմէն անդամ պետութիւններուն տրամադրուող միջազգային աջակցութիւն ստանալու նպատակով:
Հայաստանի Հանրապետութիւնը UNESCO-ի 2003-ի «Ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին» համաձայնագիրը վաւերացուցած է 2006-ին եւ մինչ օրս UNESCO-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ գրանցած է «Տուտուկն ու իր երաժշտութիւնը» (2008-ին), «Հայկական խաչքարի արուեստ. խաչքարի խորհուրդն ու խաչքարագործութիւնը» (2010-ին), «Սասնայ ծռեր կամ Սասունցի Դաւիթ էպոսի կատարողական դրսեւորումները» (2012-ին), «Լաւաշ. աւանդական հացի պատրաստումը, նշանակութիւնը եւ մշակութային դրսեւորումները Հայաստանի մէջ» (2014-ին) եւ «Քոչարի. աւանդական խմբապար» (2017-ին) տարրերը: