2019-ի Շաբաթ՝ 7 եւ Կիրակի՝ 8 Դեկտեմբեր օրերը խիստ յատկանշական եղան ընդհանրապէս Թորոնթոհայ գաղութին եւ մասնաւորապէս Թորոնթոյի Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ Ծուխին համար, որովհետեւ այս երկու օրերու ընթացքին նշուեցաւ եւ տօնախմբուեցաւ Ծուխի հիմնադրութեան 91-ամեակը:
Շաբաթ՝ 7 Դեկտեմբեր 2019-ի երեկոյեան, պաշտօնական ճաշկերոյթ-խրախճանք տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ «Մակարոս Արթինեան» սրահէն ներս։
Սոյն ձեռնարկը կը վայելէր Գանատահայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանի հովանաւորութիւնը։
Գանատայի եւ Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքով հանդէս եկան օրուայ հանդիսավարները՝ Օրդ. Արին Գըմգըմեան (անգլերէն) եւ Տիար Զոհրապ Թիւթիւնճեան (հայերէն), ապա սրբազան Հայրը կատարեց սեղաններու օրհնութիւնը։
Պատուոյ սեղանին, Առաջնորդ Սրբազան Հօր կողքին տեղ գրաւած էին Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեանը, ազնուափայլ Երէցկին Նայիրա Զարգարեանը, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեանը, Ծխական Խորհուրդի Ատենապետուհի՝ Տիկին Ռոզին եւ Տիար Աբիկ Իմաստունեանը, Օնթէրիօ նահանգի երեսփոխան՝ Տիար Արիս Պապիկեանը եւ Թորոնթոյի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ Հիւպատոս՝ Տիար Վարուժան Լափոյեանը եւ ազնուափայլ տիկինը։ Պաշտօնական այս երեկոյին ներկայ էին նաեւ Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ Հովիւի Օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեան, Հայ Կաթողիկէ Սբ. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Հովիւ՝ Գերյ. Հայր Եղիա Ծ․ Վրդ․ Գիրէջեան, գաղութիս մէջ գործող կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, նախկին Ծխական Խորհուրդի անդամներ, կնքահայրեր, բարերարներ եւ թորոնթոհայ համայնքի զաւակներ։
Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Տիկին Ռոզին Իմաստունեան, նշելով որ խումբ մը հայու բեկորներու կողմէ հաւատքի տուն մը հիմնելու լուսաշող տեսիլքի հետեւանքն էր Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ հիմնադրութիւնը։
«Պապայեան» Հիմնադրամի ներկայացուցիչ՝ Տիկ. Քնար Պասմաճեան ներկայացուց իր սրտի խօսքը եւ փոխանցեց Հիմնադրամի նիւթական նուէրները Գանատահայոց Առաջնորդութեան եւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ։
Յաջորդ հանգրուանին, Թեմական Խորհուրդի Ատենապետ՝ Տիար Օհան Օհաննէսեան ընթերցեց իր սրտի խօսքը 91-ամեակի ուրախ այս առիթի կապակցութեամբ, փոխանցելով շնորհաւորական իր մաղթանքը։
Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ձեռնարկը կազմակերպող յանձնախումբի Ատենապետ՝ Տիար Մատաթ Մամուրեանը, որ իր խօսքը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլոր անոնց, որոնք մաս կազմեցին ձեռնարկի յաջողութեամբ իրականացման կամաւոր աշխատանքին:
Եկեղեցւոյս վաստակաշատ Հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան նախ ներկաները հրաւիրեց, որ յոտնկայս յիշեն 1988 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած աղետալի երկրաշարժի զոհերը, ապա փոխանցեց իր պատգամն ու սրտի խօսքը, անգամ մը եւս մէջբերելով 91- ամեայ Սբ. Երրորդութիւն Եկեղեցւոյ ունեցած դերն ու կարեւորութիւնը թորոնթոհայ համայնքին համար, անոր ձեռք բերած հոգեւոր, կրթական եւ մշակութային նուաճումներուն ընդմէջէն։
Տ. Զարեհ Աւագ քհնյ. Զարգարեան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօր, ներկայ Հովիւներուն, Թեմական եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներուն, 91-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, յարակից մարմիններուն, եկեղեցւոյ քարտուղարութեան, գրասենեակի կամաւոր աշխատողներուն, եկեղեցւոյս հոգատարին եւ բոլոր հովանաւորներուն ու ներկաներուն։
Ապա Գերշ. Սրբազան Հօր եւ Արժ. Տէր Հօր ձեռամբ յատուկ գնահատագրեր յանձնուեցան իրենց գործունէութեամբ յատկանշուող անհատներուն՝ Տիկին Արփի Փանոսեանին (Տարուայ Կինը), Տիար Գրիգոր Էօզսողոմոնեանին (Տարուայ Մարդը), Օրդ. Տալիթա Չոլաքեանին (Տարուայ Երիտասարդուհին), Տիար Սամ Մաքտեսեանին (Տարուայ Երիտասարդը), Տէր եւ Տիկին Վազգէն եւ Ալիս Տէօքմեճեաններուն, Տէր եւ Տիկ. Յովիկ եւ Տիանա Վանես եւ զաւակները՝ Խաչիկ եւ Սարօ (Տարուայ Ընտանիքը)։
Յաջորդաբար տեղի ունեցաւ 91-ամեակի կարկանդակի հատումը Սրբազան Հօր, Տէր Հօր, Ծխական Խորհուրդի անդամներու փոխադարձ բարեմաղթանքներու մթնոլորտին մէջ, ուր կնքահայրերու եւ բարերարներու ձեռամբ Սբ. Էջմիածնէն մասնաւորապէս բերուած մոմեր լուսաւորուեցան։
Երեկոյթի պաշտօնական բաժնի աւարտին, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր սրտի խօսքին ընդմէջէն շնորահաւորեց պարգեւատրեալները, խրախուսեց համայնքի զաւակները զօրավիգ կանգնելու Հայ Եկեղեցւոյ։ Սրբազան Հայրը ըստ արժանւոյն գնահատեց Տէր Զարեհ Ա. Քհնյ. Զարգարեանի եւ Ծխական Խորհուրդի գործունէութիւնը եկեղեցւոյ, ծուխին եւ համայնքին նկատմամբ։
Երեկոյթի յաջորդ բաժինը խանդավարեց DJ Hye Class-ը եւ ներկաները ուրախ մթնոլորտի մէջ մինչեւ ուշ ժամեր շարունակեցին տօնախմբումը:
Յիշելի է, որ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ – լուսնկարիչ Տիար Արազ Պօղոսեանի գործերու ցուցադրումը եկեղեցւոյ մէջ: Ցուցահանդէս-Վաճառքը պիտի շարունակուի մինչեւ Յունուար 6, 2020: Վաճառքի հասոյթը պիտի տրամադրուի Ելեղեցւոյ 91-ամեակին առթիւ կազմակերպուած դրամահաւաքին:
Կիրակի՝ 8 Դեկտեմբեր, 2019-ին, նոյն առիթով Սբ. Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Թեմիս բարեջան Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աբգար եպս. Յովակիմեանը, առընթերակայութեամբ Գանատահայոց Թեմի Փոխառաջնորդ եւ եկեղեցւոյս հովիւ՝ Արժ. Տ. Զարեհ Ա. քհնյ. Զարգարեանին եւ Հովիւի օգնական՝ Արժ. Տ. Հայարի Քհնյ. Թանաշեանին: Սուրբ Խորանի ծառայողներն էին՝ Գրիգոր Սրկ. Թոզակը, Կարպիս Սրկ. Չիչէքեանը, Սեւան Սրկ. Իշխանեանը, Ռոյ Սրկ. Քուչուքաթեշը, Տարիոս Սրկ. Կիւմիւշճեանը եւ Հայկազ Սրկ. Միրզոյեանը:
Սրբազան Հայրը իր քարոզին ընդմէջէն, անգամ մը եւս մատնանշեց եկեղեցւոյ սուրբ առաքելութեան կարեւորութեանը, նշելով թէ այդ առաքելութեան յարատեւումն ու եկեղեցւոյ պայծառացումը միշտ ալ պայմանաւորուած են ծառայողներու ու հաւատացեալներու նուիրումով:
Սբ. Պատարագի երգեցողութիւնը կատարեց եկեղեցւոյս Դպրաց Դասը, Դպրապետ Շահէ Ալթունեանի ղեկավարութեամբ:
Սբ. Պատարագի աւարտին եւ Սրբազան Հօր ձեռամբ Տիկին Աբէթ Ալբայ պարգեւատրուեցաւ Սբ. Երրորդութիւն Հայց. Առաք. Եկեղեցւոյ բարձրագոյն «Սբ. Խաչ» շքանշանով, իր երկարամեայ գործունէութեան համար:
Ապա, Հոգեհանգստեան Պաշտօն կատարուեցաւ, 1988 թուականին Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժի զոհերուն, Եկեղեցւոյս ծառայած եւ մեզմէ հեռացած նախկին Հոգեւոր Հովիւներու, կնքահայրերու, նուիրատուներու եւ Ծխական Խորհուրդի անդամներու հոգիներուն ի հանգիստ:
Ս.Ե.Հ.Ե. Մամուլի Գրասենեակ