«ԱՐԱՔՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ԵԼՈՅԹԸ՝ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԵՒ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆԻ՝ 150 ՈՒ ԱՐՄԷՆ ՏԻԳՐԱՆԵԱՆԻ 140 – ԱՄԵԱԿՆԵՐՈՒՆ

Կոմիտաս Վարդապետին ծննդեան 150-ամեակն է այս տարի։

Այս առիթով, ոչ միայն Հայաստանի, այլ տարբեր երկիրներու եւ հաւանաբար հայկական բոլոր համայքներուն մէջ համերգով մը, որոշ տեղեր ալ՝ համերգներով, նշուեցաւ պանծալի այս ամեակը։

Ինչ խօսք որ, հայկական ժողովրդական երգերու խմբերգային մշակումներու որպէս վիթխարի ներկայացուցիչ, Կոմիտասի 150-ամեակին նուիրուած այս համերգներուն մեծամասնութիւնը խմբերգային էր։

Երգեցին բոլոր, բոլոր երգչախումբերը…

Իրենց հոս ու հոն տուած փայլուն ելոյթներով, Կոմիտասի ամենահրաշալի ստեղծագործութիւնները բեմ հանեցին, հայկական արհեստավարժ գրեթէ՛ մեծ ու փոքր բոլոր երգչախումբերն ու համոյթները եւ անոնց կողքին անպայմանօրէն՝ Սփիւռքի ամենատարբեր համայնքներուն մէջ կազմուած սիրողական բոլոր երգչախումբերը….

Երգչախումբերու այս մեծ թիւին մէջ, այսօր մեզի առաւելապէս հետաքրքրողը, վերջին խումբն է՝ սիրողականները։

Յստակ պէտք է ըլլայ որ մեր առանձնացումը երբե՛ք արհեստավարժ երգչախումբերուն անտեսում կամ թերագնահատում մը չէ. հակառակը, այսօր, վաղը եւ միշտ, անկախ անցած ու գալիք ամեակներէն, անոնց բարձրորակ ելոյթները լուսաւոր կէտեր են ու կը մնան, մեր ժամանակին մէջ խուռներամ բազմութիւններու կողմէն գնահատուող անգոյն ու անդիմագիծ երաժշտական իրականութեան մէջ…

Այդպէս է՛ անկասկած, բայց…

Ի՞նչ կը կարծէք։

Դժուարութեան ի՞նչ տոկոս կ’առաջարկէ քով-քովի եկած, երաժշտական բարձրագոյն կրթութիւն ստացած, արհեստավարժ խումբ մը երգիչներու Կոմիտաս, կամ օրինակ «Անուշ» օփերայէն հատուածներ երգելը…

Մեր պատասխանը՝ ոչ մէկ։

Այսպիսի խումբի մը առջեւ դրուած խնդիրը, որ նոյնպէս հեշտ չէ՛ անկասկած, տուեալ ստեղծագործութիւնները ինքնուրոյն եւ իւրովի կատարելն է միա՛յն…

Այլ է խնդիրը սիրողական երգչախումբերուն…

Ոչ թէ դժուար, այլ համարեա՛ անհնար կրնայ թուիլ, պատահաբար հաւաքուած խումբ մը մարդկանց Կոմիտասի խմբերգային գործերը երգեցնելու իրողութիւնը…

Այո՛, ճիշդ է որ այդ երգերուն բնօրինակը, գիւղերէն ու գիւղացիներէն հաւաքած էր Կոմիտաս, բայց չէ՞ որ խօսքը արդէն ոչ թէ այդ անմիջական տարբերակներուն, այլ երաժշտականօրէն ամենակատարելագործուած մաքրամաքուր մշակումներուն մասին է, ան ալ՝ խմբերգային մշակումներուն, ուր իւրաքանչիւր գրուած ձայն իր տեղով, իր ժամանակով, իր բարձրութեամբ եւ ուժգնութեամբ անփոխարինելի է՝ միանգամայն։

Դժուար է բարեկամներ… շա՜՜տ դժուար։

Երաժշտական շքեղ գործիքաւորումներով, բազմաձայն հարուստ նուագակցութեամբ, ականջ ու սիրտ հալեցնող աքորտներով ու հարմոնիաներով լիառատ քանի-քանի երաժշտական գործերու անուններ կրնանք թուել, որոնք սիրողական երգչախումբերու կողմէն կրնան կատարուին, եթէ ոչ կատարելագործուած, ապա անպայմանօրէն՝ լաւորակ…

Բ. Կանաչեան, Ա.  Խաչատուրեան, Է. Յովհանիսեան, Խ. Աւետիսեան, Ամիրխանեան եւ եւ… երաժշտութեամբ շաղախուած երգերու աշխարհ մը կ’առաջարկեն բազում այս անունները, բայց նոյնը չէ՛ Կոմիտասը. հոգիէն ու միտքէն փխող, սրտով զգացուող, շունչ ու ձայնալարով սկսող ու երաժշտական ամենատարբեր ներբերանգներով աւարտուող մեղեդիներու միազգաց ամբողջութիւն մը… ահա կոմիտասեան երգը՝ դժուա՛ր…

Առ այդ, անվերջ սիրոյ ու խորի՜՜ն յարգանքի մեր տուրքը կը յայտնենք Գահիրէի Ազգային Առաջնորդարանի «Արաքս» երգչախումբին եւ անոր յարգարժան ղեկավար Մաէսթրօ Միհրան Ղազէլեանին, որոնք Կոմիտասին նուիրուած համերգներու երկար շարքին մէջ արձանագրեցին առանձնայատուկ ելոյթ մը։

Ի՜նչ խօսք որ աս առաջին անգամը չէր, որ «Արաքս»ը իր հերթական ելոյթը կը նուիրէր Կոմիտասին. ասկէ 10 տարի առաջ ալ, անոնք ոգեկոչած էին Վարդապետին ծննդեան 140-ամեակը…

10 տարի առաջ, 10 տարի վերջ, նոյնն է երեւոյթը մեզի համար…

Համոզուած ենք աներկմիտ  որ անգնահատելի եւ գեղեցիկ երեւոյթով մը, տուն, տեղ ու զաւակ, գործ ու զբաղմունք ձգած, միա՛յն սիրով ու անթելադրելի խորի՜ն խորհուրդով մը երգելու համար հաւաքուած այս խումբին, ու նման խումբերուն, Կոմիտաս կատարելն է իսկակա՛ն դժուարն ու անյաղթահարելի թուացող մարտահրաւէրը, ու դեռ աւելի՛ն, համոզուած ենք նաեւ որ միա՛յն մեծաշուք գիտաժողովներու սեղաններուն ու լուսազարդ բեմերուն վրայ յիշելով չէ՛, այլ այսպէս՝ Կոմիտասի մեղեդիներն ու երգերը, մարդոց սովորական առօրեային մէջ մտցնելուն մէջ կը կայանայ անոր իսկական գոյատեւումը…

Մեր արժէքներով ապրինք ու անոնց խորհուրդով…

Առանձնայատուկ երեւոյթ մը եւս.

«Արաքս» երգչախումբի յոբելենական այս ելոյթը, Կոմիտասի 150-ամեակի կողքին նեռարած էր նաեւ հայ մշակոյթի այլ երկու երախտաւորներ, որոնց անունը առյաւէտ քանդակուած կը մնայ հայ ժողովուրդի խղճին ու գիտակցութեան մէջ, հայկական ազգային առաջին օփերայով՝ Յովհաննէս Թումանեանի ու Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ»ով…

Այսպէս, հայ մշակոյթի այս երեք հանճարներուն նուիրուած յոբելենական ելոյթի ընթացքին հնչեցին Կոմիտասի, առանց նուագակցութեան ու նուագակցութեամբ ամենածանօթ խմբերգային ստեղծագործութիւններէն. «Գութաներգ», «Էն Դիզան», «Առաւօտ Լուսաբեր», «Ինչու՞ Պինկէօլը Մտար», «Իմ Չինարի Եարը», «Էսօր Ուրբաթ է», «Երեւան Բաղ Եմ Արել» եւ այլն։

Հանդիսատեսի ջերմ ծափողջիւններով գնահատուեցան «Անուշ» օփերային ամենասիրուած խմբերգային հատուածները.  Նախերգանքը՝  «Ափսոս Անուշ», «Ամպի Տակից»ը, «Համբարձում Եայլա»ն եւ այլք։

Միայն երգով չէ՛, երիտասարդ շնորհալի աղջիկները պարային հատուածներով ալ ոգեկոչեցին մեր յոբելեարները. «Հարսի Պարը»՝ «Անուշ» օփերայէն եւ  «Հոյ Նազան»՝ Կոմիտասէն։

Առանձնապէս պիտի նշենք մեներգիչ Ռուբէն Սաատը, որ կատարեց «Անուշ»ին

«Սիրուն Աղջիկ»ն ու Ալ. Յարութիւնեանի հանրածանօթ «Հայրենիքիս Հետ» երգին մեներգային բաժինը։

«Արաքս» երգչախումբի երիտասարդ աղջիկները այս  անգամ ալ ելոյթ ունեցան ե՛ւ Ա. Տիգրանեանի ե՛ւ Կոմիտասեան կատարումներով. «Ասում են Ուռին», «Կուժն Առայ» եւ  «Գնա Գնա»։

Չենք կրնար չնշել որ յոբելենական այս ելոյթը իր տպաւորիչ մեկնաբանութեամբ վարեց եւ մեծ հանճարներն ու անոնց ստեղծագործութիւնները հանդիսատեսին ըստ արժանւոյն ներկայացուց Տիկին Լալա Նիկոլեանը։

Ջերմապէս ողջունելի կը համարենք, «Արաքս»ին տարիներէ ի վեր սկսած ու շարունակած, հանդիսատեսը ելոյթին ու կատարումներուն հետ հաղորդակից դարձնող, խմբավար Պր. Միհրան Ղազէլեանին պատրաստած գրքոյկը, որուն մէջ ծայրաստիճան բծախնդրութեամբ

զետեղուած են յոբելեարներուն կենսագրականները, անոնց նշանաւոր ասոյթներէն գեղեցիկ հաւաքածոյ մը, ու ելոյթի բոլոր կատարումներուն խօսքերը։

Յատկապէս պիտի ողջունենք նաեւ «Արաքս» երգչախումբի օժանդակ յանձնախումբը, որուն ջանքերով իրականացաւ ելոյթի յաջող  կազմակերպութիւնը։

Այսպէս…

Անցեալ ելոյթին, այս ելոյթին, անգամ մը եւս յուզախառն սիրով, բա՛րձր պիտի գնահատենք սիրելի «Արաքս» երգչախումբի բոլոր երգիչ-երգչուհիներն ու անոր ղեկավար Պր. Միհրան Ղազէլեանը։

Սրտագին մեր շնորհաւորանքը  բոլորիդ՝ անխտիր։

Ձեր ձայներն անսպա՜ռ ու հոգիները դալար։

 

Սեւան Սեմէրճեան