Հայկական տառարուեստը ներառուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ: Այս մասին կը յայտնեն Արտաքին Գործոց նախարարութենէն:
Դեկտեմբեր 11-ին` Քոլումպիոյ մայրաքաղաք Պոկօթայի մէջ տեղի ունեցող ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութեան մասին պայմանագիրի միջկառավարական կոմիտէի 14-րդ նիստի ընթացքին միաձայն որոշում առնուած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական մշակութային ժառանգութեան ներկայացուցչական ցանկին մէջ ներառել Հայաստանի կողմէ ներկայացուած «Հայկական տառարուեստը եւ անոր մշակութային դրսեւորումները» յայտը: