Երկուշաբթի՝ 16 Դեկտեմբեր 2019-ին, Գանատայի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ընդունելութիւն մը ի պատիւ Հայաստանի եւ Ռուսաստանի մօտ Գանատայի նորանշանակ դեսպան Ալիսըն Լեքլերի։ Ընդունելութեան ներկայ էին Ռուսաստանի դեսպան Ալեքսանտր Դարչիէվ, Գանատայի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնատարներ, Գանատայի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Աբգար Եպիսկոպոս Յովակիմեան եւ արժանապատիւ Տէր Դաւիթ Քահանայ Մարգարեան, ինչպէս նաեւ Գանատայի հայ համայնքի աւանդական կուսակցութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ։
Նորին վսեմութիւն Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան տիկ. Անահիտ Յարութիւնեան ներկաներուն ծանօթացուց տիկին Լեքլերը, որ ունի դիւանագիտական երկարամեայ փորձառութիւն։ Ան վարած է ՄԱԿ-ի մօտ Գանատայի մշտական ներկայացուցիչի փոխանորդի պաշտօնը, Գանատայի Հիւսիսային Բեւեռի պատասխանատուի պաշտօնը եւ արտաքին գործոց նախարարութեան այլ պաշտօններ։ Իր կարգին Տիկին Լեքլեր հաստատեց Գանատայի պատրաստակամութիւնը Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները զարգացնելու եւ յաւելեալ զարկ տալու ուղղութեամբ։
Ընդունելութեան ընթացքին ներկաները շնորհաւորեցին դեսպան Լեքլէրը եւ յաջողութիւն մաղթեցին իր ստանձնելիք առաքելութեան։
ՌԱԿ Օժէն Փափազեան ակումբի Ատենապետ՝ Տիար Արա Պալեան՝ իր եւ ակումբի անունով անձամբ շնորհաւորեց Տիկին Լեքլերը եւ իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց համագործակցելու նորանշանակ դեսպանին: