Էրեբունի թանգարանը նոր շէնք ու ժամանակակից լուծումներ պիտի ունենայ

Էրեբունի պատմա-հնագիտական թանգարանը նոր, ժամանակակից արհեստագիտութիւններով յագեցած մասնաշէնք պիտի ունենայ:

Դեկտեմբեր 16-ին Երեւանի աւագանին հաւանութիւն տուաւ 2019-ի Հոկտեմբեր 3-ին Երեւանի քաղաքապետ Հայկ Մարութեանի եւ «Ջոն եւ Սօս Պալեան հիմնադրամ»-ի միջեւ կնքուած համագործակցութեան պայմանագիրին: Ծրագիրը կը գնահատուի 1,65 միլիոն տոլար:

Երեւանի քաղաքապետի խօսնակ Յակոբ Կարապետեան Ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է․

«Աւելի քան 1.65 միլիոն տոլար արժեցող ներդրումային ծրագիրով կը նախատեսուի թանգարանի անմիջապէս յետնամասին մէջ կառուցել նոր` ժամանակակից արհեստագիտութիւններով մասնաշէնք, որ ճարտարապետութեամբ համահունչ պիտի ըլլայ տարածքին, բայց միաժամանակ` յագեցած նորարարական արհեստագիտութիւններով: Այս հատուածին մէջ պիտի տեղակայուին նոր ցուցասրահներ, ուր պիտի ըլլան animation ցուցադրութիւններ, եւ այցելուները Երեւանի պատմութեան պիտի ծանօթանան պատկերաւոր (virtual) շրջագայութեամբ: Տարածքին մէջ պիտի բացուին նաեւ գիտական տարրալուծարաններ: Շինարարութեան համար նախագիծերու մրցոյթ պիտի յայտարարուի»։