Մարզերուն մէջ, զբօսաշրջութեան ոլորտի զարգացման վերաբերող ծրագիրներու իրականացման ծիրին մէջ, Տարածքային զարգացման հիմնադրամի եւ Համաշխարհային դրամատան ֆինանսաւորումով ամբողջովին կը բարեկարգուի Խոր Վիրապ վանական համալիրի տարածքը, կը հաղորդէ “Փանորամա”-ն։
Արարատի մարզպետարանէն կը տեղեկացնեն, որ արդէն իսկ սկսած են աստիճանները փոխարինելու աշխատանքները:
Ծրագիրով պիտի կատարուի նաեւ յարակից հատուածին կուպրապատումը, կառատան եւ վաճառակէտերու վերանորոգումը, յարակից տարածքի կանաչապատումը եւ լուսաւորութեան ցանցի տեղադրումը: