Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանը (ՀԱՀ) եւ PicsArt ընկերութիւնը կը հիմնեն արհեստական բանականութեան (Artificial Intelligence (AI)) հետազօտական տարրալուծարան, որ աշխատատեղեր պիտի ստեղծէ դասախօսներու եւ ուսանողներու համար, որոնք պիտի իրականացնեն նորարարական հետազօտութիւններ մեքենայական ուսուցման եւ համակարգչային տեսլականի (computer vision) ոլորտներու մէջ:
Ինչպէս կը տեղեկացնեն Հայաստանի Ամերիկեան համալսարանէն, ՀԱՀ-ը եւ PicsArt-ը միասին կ՛աշխատին նոր օրինակ ստեղծելու շուրջ, որ առաջ պիտի մղէ գիտութիւնն ու հետազօտութիւնը եւ պիտի մեծցնէ ակադեմիական ու մասնագիտական ունակութիւնները արհեստական բանականութեան ոլորտին մէջ` գիտութիւնն ու հետազօտութեան արդունքները արդիւնաբերութեան կապելու միջոցով:
«Արհեստական բանականութիւնը արագօրէն կը զարգանայ ամբողջ աշխարհի մէջ, եւ կը կարծեմ` ճիշդ ժամանակն է զայն զարգացնել Հայաստանի մէջ եւս: Մենք շատ ուրախ ենք, որ PicsArt-ի հետ համատեղ ջանքերով կը հիմնենք արհեստական բանականութեան տարրալուծարան, որ այդ ոլորտին մէջ հետազօտութիւններ իրականացնելու լայն հնարաւորութիւններ պիտի ստեղծէ: Ես կ՛ակնկալեմ, որ այս նախաձեռնութիւնը մեզ առաջ պիտի տանի տուեալ ոլորտին մէջ եւ կը զարմացնէ այլ երկիրներ», նշածմ է ՀԱՀ նախագահ Կարին Մարքիտեսը:
Սկզբնական փուլին արհեստական բանականութեան տարրալուծարանը աշխատանք պիտի տրամադրէ ՀԱՀ-ի երկու դասախօսի, առաջատար հետազօտողներու, ինչպէս նաեւ Համակարգչային գիտութեան եւ Տուեալագիտութեան BA մէջ ուսանող 15 հոգիի: ՀԱՀ-ի դասախօսներն ու PicsArt-ի մեքենայական ուսուցման մասնագէտները պիտի սկսին դասընթցներ իրականացնել 2020-ի Յունուարէն: Վեցշաբաթեայ դասընթացքէն ետք լաւագոյն ուսանողները արհեստական բանականութեան տարրալուծարանի մէջ աշխատանքի առաջարկ պիտի ստանան: