Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցին կը վերանորոգուի

Անցնող տարուան վերջաւորութեան սկիզբ առած են Տիարպեքիրի կեդրոնական Սուր շրջանին մէջ գտնուող Սուրբ Կիրակոս հայկական եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները: Այս անգամ վերանորոգումը կը կատարուի Թուրքիայի շրջակայ միջավայրի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ: Սուրի թաղապետ Ապտուլլահ Շիֆթչին յայտարարած է, որ այդ շրջանին մէջ գտնուող 4 եկեղեցիներուն համար ընդհանուր 30 միլիոն թրքական լիրա (շուրջ 5 միլիոն տոլար) յատկացուած է: Կը նախատեսուի, որ վերանորոգման աշխատանքները աւարտին 2020-ին վերջը:

Նախապէս` 2011-ին երկար ժամանակ լքուած եկեղեցին վերանորոգուած եւ վերաբացուած էր եկեղեցւոյ հիմնադրամին եւ Տիարպեքիրի քաղաքապետարանի ֆինանսաւորմամբ: Սակայն 2015-ին վերջին եւ 2016-ի առաջին կէսը Սուրի մէջ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին եկեղեցին աւերուած էր: Շինութեան պատերուն խոշոր անցքեր գոյացած էին, տանիքը վնասուած էր:

Մերձաւոր Արեւելքի ամենամեծ հայկական եկեղեցին համարուող Տիարպեքիրի Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին կառուցուած է 1376-ին: