Այս տարի պիտի սկսին Հին Երեւանի՝ Հանրապետութեան Հրապարակին տակ գտնուող պատմական շերտի բացման եւ զայն թանգարանային հատուածի վերածելու աշխատանքները: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան:
«Հանրապետութեան Հրապարակը՝ իբրեւ արդիւնք՝ պիտի դառնայ շատ աւելի տեսարժան վայր»,- գրած է վարչապետը: