Ֆրանսահայ ծանօթ երաժիշտ Անտրէ Մանուկեանի աղջիկը՝ Ժիւլի Մանուկեան 37 տարեկանին կը միանայ ֆրանսական շարժապատկերի հայկական փաղանգին՝ իր բեմադրած «Անասնաբոյժները» ժապաւէնով:
Պատմութիւնը տեղի կ’ունենայ Ֆրանսայի գաւառական կորսուած մէկ անկիւնին մէջ, ուր անասնաբուժութեան դժուար եւ ապերախտ առաքելութիւնը կատարող «վարպետ» մը կ’որոշէ հանգստեան կոչուիլ եւ կը խոստանայ իր տեղը բերել երիտասարդուհի մը, որ իր աշխուժութեան եւ արհեստին մէջ յաջողութեան կողքին, շատ մարդամօտ անձ մը չէ, աւելին՝ բնաւ տրամադիր չէ վերադառնալու իր մանկութեան գիւղը…
Ժապաւէնը կ’արծարծէ գաւառական շրջաններու մէջ անասնաբուժութեան դժուարին արհեստը: Եւ այդ արհեստին մասնագէտներուն իսկ վկայութեամբ՝ Ժիւլիին ժապաւէնը մէկէ աւելի արժանիք ունի: Նախ, որովհետեւ անիկա կ’անդրադառնայ գրեթէ անտեսուած այս արհեստին եւ անոր դժուարութիւններուն, բայց նաեւ բեմադրիչը ծայր աստիճան լաւ ուսումնասիրած է իր նիւթը եւ հոն բեմականացուած տարրերը, հարցերը, երեւոյթները աւելի քան մօտ են տեղւոյն վրայ տիրող իրադրութեան:
Աւարտին յիշենք, թէ «Անասնաբոյժները» Ֆրանսայի սրահներուն մէջ սկսաւ ներկայացուիլ Չորեքշաբթի, 1 Յունուարին: