Համաշխարհային դրամատան 2020-ի Համաշխարհային տնտեսական հեռանկարներու (GEP) Յունուար ամսուան զեկոյցին համաձայն՝ Հայաստանի մէջ տնտեսական աճի կանխատեսումները կայուն բնոյթ կը կրեն:
Ըստ Համաշխարհային տնտեսական հեռանկարներու 2020-ի զեկոյցին՝ թէեւ տնտեսական աճի կշռոյթը Հարաւային Կովկասի մէջ նուազման միտում ունի, Հայաստանի աճի կանխատեսումները կայուն բնոյթ կը կրեն՝ ի տարբերութիւն դրացի երկիրներուն:
Մասնաւորաբար, 2020-ի համար կը նախատեսուի 5.1 տոկոս, 2021 եւ 2022-ին՝ 5.2 տոկոսի աճ։
Ըստ զեկոյցին՝ Հայաստանի մէջ մասնաւոր սպառումը, արդիւնաբերական հզօր գործունէութիւնը եւ օգտակար հանածներու արդիւնահանման վերականգնումը նպաստեցին Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական աճի արագացման՝ հասցնելով շուրջ 3.7 տոկոսի:
Համաշխարհային տնտեսական զեկոյցին համաձայն՝ 2019-ին, Եւրոպայի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ տնտեսական աճը վերջին երեք տարիներուն ամէնէն ցած ցուցանիշը արձանագրած է՝ 2 տոկոս: Պատճառը 2018-ին ֆինանսական շուկային մէջ լուրջ ցնցումներու ազդեցութեան պատճառով Թուրքիոյ մէջ տնտեսական աշխոյժութեան կտրուկ անկումն էր, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ մէջ քարիւղի պահանջարկի եւ արդիւնաբերման ցած մակարդակը:
«Արդիւնաբերութեան ոլորտի աշխոյժութեան անկման եւ ներդրումներու հոսքի դանդաղ կշռոյթի պայմաններուն բերումով, տարածաշրջանին մէջ արտածման աճը ցած եղած է: Կ՛ակնկալուի, որ 2020-ին տարածաշրջանին մէջ տնտեսական աճը կը հասնի մինչեւ 2.6 տոկոսի՝ պայմանաւորուած հիմնական ապրանքատեսակներու գիներու կայունացունով, եւրոպական գօտիի տնտեսական աճով, ինչպէս նաեւ Թուրքիոյ մէջ (մինչեւ 3 տոկոս) եւ Ռուսիոյ մէջ (մինչեւ 1.6 տոկոս) տնտեսական աճի վերականգնումով: Կ՛ակնկալուի, որ Ռուսիոյ մէջ ազգային նախագիծերը, որոնց կարգին ներդրումները ենթակառուցուածքներու եւ մարդկային դրամագլուխին մէջ, խթան կը հաղորդեն այդ աճին», նշուած է զեկոյցին մէջ: