Ատրպէյճանցի երգիչը հրաժարած է հայուհիին հետ նոյն բեմին վրայ ելոյթ ունենալէն

Ատրպէյճանցի երգիչ, սոփրանօ Աննա Նեթրեպքոյի ամուսին Եուսիֆ Էյվազովը հրաժարած է երգել սոպրանօ Ռուզան Մանթաշեանի հետ նոյն բեմի վրայ` Տրեզտենի ամենամեայ պարահանդէսի բացման ժամանակ: Այս առնչութեամբ հայ անուանի սոփրանօ Յասմիկ Պապեան ֆէյսպուքեան իր էջին վրայ գրած է․ «Ու՞ր հասած ենք… Ազգութեամբ ատրպէյճանցի, կարգավիճակով` սոփրանօ Աննա Նեթրեպկոյի ամուսին, երգիչ Եուսիֆ Էյվազովը հրաժարուած է Փետրուար 7-ին հանդէս գալէն Տրեզտենի ամենամեայ Օփերային Պալի բացման արարողութեան հայ երգչուհի Ռուզան Մանթաշեանի հետ, պատճառաբանելով վերջինիս հայ ըլլալը, այսինքն՝ քաղաքական նկատառումներով: Բազմիցս երգած եմ յիշեալ օփերային թատրոնին մէջ, չեմ կրնար մտաբերել նմանատիպ երեւոյթ: Կը պատրաստուիմ բողոքի ձայն բարձրացնել…”,-նշած է երգչուհին: