«Տուրիզմ Արմէնիա» ընկերութեան աջակցութեամբ մեծ ու միասնական տաղաւարով Հայաստանը ներկայացուած է տարուան առաջին` «Fitur2020» միջազգային զբօսաշրջային ցուցահանդէսին, որ տեղի կ՝ունենայ Սպանիոյ մայրաքաղաք Մատրիտի մէջ: Մեր երկրի զբօսաշրջային գրաւչութիւնները կը ներկայացնեն ներգնայ զբօսաշրջութեան ոլորտէն ներս տարիներու փորձ ունեցող 9 ընկերութիւն:
Armradio.am-ի տեղեկութիւններով՝ «Fitur2020»-ը մէկ հարթակի վրայ հաւաքած է 10 հազարէն աւելի զբօսավարներ` 160 երկրէ: Կ՝ակնկալուի, որ ոլորտի մասնագէտներու եւ ցուցահանդէսի այցելուներու թիւը գերազանցէ 250,000-ը:
«Fitur2020» միջազգային ցուցահանդէսին Հայաստանը լաւագոյնս ներկայացնելու աշխատանքներուն աջակցած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, Սպանիոյ մէջ մեր երկրի դեսպանութիւնը եւ հայ համայնքը:
«Fitur2020»-ը մեկնարկած է Յունուար 22-ին եւ պիտի տեւէ 5 օր: