ՀՀ նախագահը մասնակցած է համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման

Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան Զուիցերիոյ Տաւոս քաղաքի մէջ մասնակցած է «Շահագրգիռ կողմերը՝ յանուն աշխարհի համախմբման եւ կայունութեան» խորագիրը կրող  Համաշխարհային տնտեսական համաժողովի բացման։

Գործունէութեան 50 տարիներու ընթացքին Տաւոսի ամենամեայ հանդիպումը դարձած է աշխարհի ամենաազդեցիկ բարձր մակարդակի հաւաքներէն մէկը, որ ամէն տարի կը համախմբէ պետութիւններ, կառավարութիւններ, միջազգային կազմակերպութիւններ ղեկավարներ, գործարար հանրութեան ներկայացուցիչներ եւ հեղինակաւոր փորձագէտներ՝ քննարկելու համաշխարհային, տարածաշրջանային եւ արդիւնաբերական օրակարգերը, լուծումներ առաջարկելու առկայ խնդիրներու եւ մարտահրաւէրներու վերաբերեալ: Համաժողովին այս տարի կը մասնակցին աշխարհի տարբեր երկրներէ ժամանած շուրջ 700 բանախօսներ եւ աւելի քան 3000 մասնակիցներ:

Հայաստանի նախագահը ներկայ գտնուած է նաեւ Տաւոսի համաժողովի ծիրէն ներս իրականացուող 26-րդ ամենամեայ Crystal Award մրցանակաբաշխութեան: