Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքւիեմ»-ը հնչեց Չեխիոյ մէջ

Չորեքշաբթի՝ 22 Յունուար 2020-ին, չեխական Բռնօ քաղաքի ֆիլհարմոնիայի սրահներէն մէկուն մէջ տեղի ունեցաւ մեծանուն հայ երաժիշտ Տիգրան Մանսուրեանի հանդիպումը տեղի հայութեան հետ, կը հաղորդէ «Օրեր» թերթի կայքը։

Հանդիպումը կազմակերպած էր  Չեխիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեան:

Մաէսթրօ Մանսուրեան ներկաներուն պատմած է իր կեանքի ու ստեղծագործական ուղիին` մասնաւորապէս Գերմանիոյ մէջ ունեցած յաջողութիւններուն եւ ձայնագրութիւններուն մասին, պատասխանած է ներկաներու հարցումներուն:

Այնուհետեւ դեսպան Յովակիմեան ներկայացուցած է չեխահայ շնորհալի երիտասարդ երաժիշտներուն:

Վերջաւորութեան ներկաներու խնդրանքով Մանսուրեան նուագած է «Կտոր մը երկինք» ֆիլմին համար իր գրած երաժշտութենէն հատուած մը, նուիրած է իր գիրքերէն: Համերգին կազմակերպիչները ներկայացուցած են «Պախ եւ Մանսուրեան» ծրագիրը:

Իսկ երեկոյեան եւ յաջորդ օրը Բռնոյի ֆիլհարմոնիկի կատարումով հնչած է Մանսուրեանի «Ռեքվիեմ»-ը, որուն ներկայ եղած են Հայաստանի դեսպան Աշոտ Յովակիմեանը, չեխական մշակոյթի գործիչներ, հայ համայնքի ներկայացուցիչներ: Յաջորդ համերգը տեղի ունենած է յաջորդ օրը երեկոյեան:

 

Լուսանկարները` Յակոբ Խօջայեանի