Պոլսահայ Միութեան Կեանքէն Ներս
«Ապագայ» ի Հարցազրոյցը պրն. Սեւան Տէյիրմենճեանի հետ
Մի քանի շաբաթ առաջ հաճոյքը ունեցանք հանդիպելու մշակոյթի եւ գրական ականաւոր դէմքերէն պրն. Սեւան Տէյիրմենճեանը որ Պոլիսէն հիւրաբար քաղաքս կը գտնուէր՝ Մոնթրէալի Պոլսահայ Միութեան հրաւէրով:
Այս առիթով «Ապագայ» շաբաթաթերթը՝ հարցազրոյցի խնդրանօք, հանդիպում մը ունեցաւ:
Պրն. Տէյիրմենճեան, ինչպէս ուրիշ հայկական հաստատութիւններու կողքին, այցելեց Թէքէեան Մշակ. Միութիւն, հիացմունքով տեսաւ «Կոմիտաս» նորաբաց երաժշտանոցը, Վազգէն Արք. Քէշիշեանի գրադարանը եւ Մոնթրէալի առաջին եռալեզու շաբաթաթերթ «Ապագայ» խմբագրատունը:
Ստորեւ կու տանք մեր հարցազրոյցի պարունակութիւնը, իսկ յօդուածի վերջաւորութեան կ’արձանագրենք պրն. Տէյիրմենճեանի աշխոյժ ու հետաքրքրական կենսագրութիւնը:
«Ապագայ» (հարցում).- Յարգելի պրն. Սեւան Տէյիրմենճեան. շատ ուրախ ենք ձեր Մոնթրէալ այցելութեամբ, մանաւանդ որ հետերնիդ բերած էք թարմ «խապրիկ»ներ մեր թրքահայ գաղութէն:
«Պրն. Տէյիրմենճեան» (պատ).- Անշուշտ, նախ ես շատ շնորհակալ եմ այս հանդիպումի առիթին համար, որ տուիք ինծի: Թէքէեան Մշակ. Միութեան եւ «Ապագայ» ի հիւր ըլլալը այս յարկին տակ՝ մեծ ուրախութիւն է, մանաւանդ որ Վահան Թէքէեան իր անձով կը մարմնաւորէ սփիւռքեան գաղութներու միութիւնը, քանի որ ան պոլսեցի մը ըլլալով հանդիսացաւ կամուրջ մը Եգիպտոսի, Կիպրոսի, Ֆրանսայի եւ Պոլսոյ միջեւ:
Հարց.- Ընդհանուր հարցում մը: Ի՞նչ ձեւով կրնաք պատկերացնել պոլսահայ գաղութը 10-20 տարի ետք, երբ ըստ նորընտիր Պատրիարքին ծնունդները 1.2 տոկոսով իսկ մահը 2.6 են: Ինչպէս նաեւ աւելի վտանգաւոր պարագայ մը՝ համալսարանականներու միջեւ խառն ամուսնութիւնն է:
Պատ.- Վիճակագրական բոլոր տուեալներուն տիրապետելու կարելիութիւնը չունիմ անշուշտ, սակայն կրնամ լսել թէ Պոլիսը՝ այս պատկերով այդքան ալ տարբեր չէ Սփիւռքի միւս գաղութներէն: Վստահաբար հոս ալ նոյն հարցերը կան։ Հայը պարտաւոր է ամէն օր, դիմագրաւել այդ: Անշուշտ այս առումով մտահոգիչ է Սփիւռքի կացութիւնը:
Մեծ եղեռնէն անմիջապէս վերջ Շահան Շահնուր կը տեսնէր թէ Սփիւռքը ինչ վիճակի կրնայ մատնուիլ… լեզուի նահանջը, մշակոյթի նահանջը եւլն: Միւս կողմէ, կան եւ այն գործիչները որոնք ջանք չեն խնայեր այս աշխատանքին մէջ. աւելի կը տեսնեն գաւաթին լեցուն կողմը: Այս առիթով կ’արժէ յիշել թէ մենք ունինք վարժարաններ, միութիւններ, երգչախումբեր կան, պարախումբեր եւլն:
Անշուշտ միշտ կայ եւ անտարբեր հատուած մը: Այսօր Պոլսոյ մէջ տարբեր պարբերականութեամբ, հայալեզու կամ երկլեզու, 7 թերթ կամ հանդէս կը տպուի, անկախ իրենց քաղաքական մօտեցումէն. Կայ «Արաս» հրատարակչատունը։ Կան 17 վարժարաններ, աւելի քան 50 եկեղեցիներ։ Իսթանպուլ հին գաղութ մը ըլլալու բերումով որոշ ուժականութիւն մը ունի եւ դեռ կը պահէ զայն։ Եւ այս բոլորին ծիրը որքա՜ն լայնցնենք, այնքա’ն կորուսեալ ոչխարները մեր մէջ կը հաւաքենք. թէկուզ եթէ մէկ ոչխար ըլլայ, դարձեալ շահ է: Մենք այս բոլոր դասախօսութիւնները, հանդէսներն ու ձեռնարկները կ’ընենք այդ մէկ հոգիին համար:
Հարց.- Ուրեմն, որոշ լաւատեսութեամբ մը կը դիտէք՝ ապագան:
Պատ.- Յամենայնդէպս յոռետես ըլլալ չեմ ուզեր (խնդալով) թէ ոչ մեր աշխատանքը անիմաստ պիտի դառնար:
Հարց.- Մեծ թիւով հայաստանցիներ կ’ապրին Թուրքիոյ մէջ: Ինչո՞ւ մեկնած են հայրենիքէն, ինչո՞վ կը զբաղուին, թիւը որքա՞ն է եւ եւ ի՞նչ է իրենց հեռանկարը այսինքն մինչեւ ե՞րբ:
Պատ.- Հայաստանի անկախացումէն եկող հոսանքն է այդ. ինչպէս նաեւ 1991 ին երբ Ս. Միութիւնը լուծուեցաւ, Պոլիս եկան: Պոլիս միշտ խաչմերուկ եղած է: Ոչ միայն հայեր այլեւ ռուսեր, ատրպէյճանցիներ, վրացիներ: Ուր որ հայ գաղութ կայ, հայերը աւելի վստահ քայլերով կը մօտենան: Կ’աշխատին տարբեր գործերու մէջ, ընտանիքներու մօտ, երէցներ կամ մանուկներ կը խնամեն, շուկային մէջ կը գործեն տարբեր մասնագիտութիւններով: Տնտեսական պատճառն է շատ անգամ զիրենք Պոլիս բերողը։ Ընդհանուր պատկերը այս է:
Ոչ պաշտօնական վարժարան մը կայ, որուն Հայ Աւետարանական եկեղեցին իր ներքնայարկը տրամադրած է։ Հրանդ Տինքի անունով կը կոչուի, հայ մանուկներ ու պատանիներ, փոխանակ դուրսերը մնալու հոն կ’երթան, իսկ համայնքը կ’օժանդակէ իրենց. եւ այդ վարժարանը աւարտող աշակերտները կրնան Հայաստան երթալ ու քննութիւնէ մը յետոյ կրթութիւնը շարունակել, Հայաստանի բարձրագոյն դպրոցներու կամ համալսարաններու մէջ: Անոնք կրնան Թուրքիոյ միւս, պաշտօնական վարժարաններուն մէջ ուսանիլ որպէս հիւր աշակերտ. ազատ ունկնդիր: Ուրեմն այդ տղոց ծնողները աշխատողներու խաւ մը կը կազմեն:
Թուաքանակներու մասին ուրեմն տարբեր յայտարարութիւններ կը կատարուին՝ տարբեր ժամանակներու մէջ, քաղաքական միջավայրէն կախում ունի: 100.000 կը ծանուցուի, բայց կարծեմ չափազանցուած է: Թերեւս 60.000 – 70.000 է հայութեան թիւը Իսթանպուլի մէջ եւ 25.000 – 30.000-ի շուրջ ալ հայաստանցիներ կան: Անշուշտ այս թիւէն միշտ դուրս կը մնան ժամանակին իսլամաց(ու)ած հայերը՝ համշէնահայերը, պատմական Հայաստանի տարածքին կամ այլուր բնակողներ: Կան նաեւ Հայաստանէ եկած համալսարանականներ որոնք Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ մշակոյթը կամ պատմութիւնը կ՚ուսանին, թրքահայերու կամ Թուրքիոյ պատմութեան մասին ուսումնասիրութիւններ կ’ընեն: Ասիկա նորութիւն չէ, հազարամեայ տարիներու արդիւնք է: Հայաստանի ակադեմականներ որոշ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերեն, իրենց թէզերը կը պատրաստեն, լրագրողներ յաճախ Թուրքիա կ’այցելեն, փորձագէտներ կու գան:
Հարց.- Այն իսլամացած հայերը որոնք կ’երթան ու կը կնքուին Էջմիածին, քրիստոնէութիւնը կ’ընդունին, այդ հոսանքը նոյն թափով կը շարունակո՞ւի:
Պատ.- Այդ հոսանքը անհատներու հոսանք մըն է: Ճի’շդ է, ժամանակ մը եղաւ որ Տէրսիմէն հայեր գացին Մայր Աթոռ: Բայց այսօր մեզի համար կարեւորը սա է՝ սփիւռքահայերը աւելի քիչ տեղեակ են ինչ որ կ՚անցնի կը դառնայ Թուրքիոյ մէջ. քիչ մըն ալ զգացմունքային տեսակետէ կը մեկնաբանուի: Իսլամացած հայերը երբ կ’անդրադառնան, որ իրենք զտարիւն թուրքեր չեն, իրենց հաւատքը պետական այդ քաղաքականութեան հանդէպ կը սարսի. եւ այդ մարդիկ կը սկսին մտածել թէ՝ «ես որ այդքան հայերը կ’ատէի, ես ալ հայ եմ եղեր»: Կը սկսի փոխուիլ եւ մարդկային մօտեցում ցոյց տալ իրենցմէ դուրս եղող հասարակութեան հանդէպ:
Հարց.- Վերջերս նորընտիր պատրիարք Սահակ արք. Մաշալեան «Աքչամ» թերթի միջոցաւ ունեցած է արտայայտութիւն մը թէ՝ «Սփիւռքը եւ պոլսահայութիւնը իրարու հետ կապ չունին, եւ թէ սփիւռքը 100 տարի ետ մնացած է»: Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք կամ թերեւս կ’արդարացնէք՝ այս:
Պատ.- Անշուշտ սփիւռքը եւ Պոլիսը չեն կրնար կապ չունենալ իրարու հետ, քանի որ Պոլիսը այն մայր երակներէն ու մայր արմատներէն մէկն է, որ սփիւռքը կը սնուցանէ, դեռ մինչեւ այսօր ալ: Մեր մտաւորականներով, հասարակական եւ քաղաքական գործիչներով, կառոյցներով, առաջին սերունդի ըլլայ կամ երկրորդ, որոնց հայրերն ու մայրերը Պոլիսէն են: Այդ կապը Պոլիսի եւ սփիւռքի միջեւ շատ ամուր է, եւ այդպէս ալ պէտք է ըլլայ:
Ուրեմն տեղեակ էք որ Պոլսոյ պատրաիարքի ընտրութեան ժամանակ Հայաստան ու Սփիւռք պաշտօնավարող 13 եպիսկոպոս պէտք է թեկնածու ըլլար, սակայն 2 թեկնածուով սահմանափակուեցաւ, ինչ որ սկիզբէն իսկ սխալ ընթացքի մէջ դրաւ այս ընտրութիւնը: Թուրքիոյ կառավարութիւնը կրնար նման կանոնադրութիւն մը առաջարկել, սակայն պատրիարքական տեղապահն ու ընտրութիւնը կազմակերպող մարմինը կրնային բողոքել, ինչպէս ըրած էին 1990-ին եւ 1998-ին, սակայն այս անգամուան տեղապահն ու ընտրական մարմինը նախընտրեցին լուռ մնալ եւ հրաժարիլ մեր իրաւունքներէն: Հետեւաբար այն հոգեւորականները, որոնք Թուրքիա ծնած կամ ի հօրէ թուրքիացի ըլլալով հանդերձ այսօր Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ կը պաշտօնավարէին, չկրցան մասնակցիլ այս ընտրութիւններուն:
Հետեւաբար սրբազանը՝ «ինքը» կապ մը կրնայ չզգալ սփիւռքին կամ մնացեալ ամբողջին հետ, բայց մենք որպէս անհատնե’ր, որպէս մարդի’կ, որպէս պոլսահայե’ր երբեք այդպէս չենք զգար:
Ես անընդունելի կը գտնեմ սրբազանին յայտարարութիւնը:
Հարց.- Իբրեւ եզրակացութիւն մեր այսօրուան հանդիպումին՝ կ’ուզէ՞իք ձեր սրտի պատգամը տալ մոնթրէալահայ գաղութին:
Պատ.- Նախ, շատ ուրախ եմ Գանատա այցելութեամբս: Լսած ենք որ Գանատա լուրջ եւ որակաւոր գաղութ մըն է. եւ իմ մաղթանքս է՝ թէ նոր սերունդն ալ հետեւի այս ընթացքին: Պէտք չէ վանդակուի ինքն իր մէջ: Խորհեցէ’ք, որ Գանատան աշխարհի ամէնազօրաւոր 8 պետութիւններէն մին է, եւ իր տուած մեծ հնարաւորութիւնները պէտք է օգտագործենք թէ’ որպէս անհատ, թէ’ որպէս հանրութիւն: Այդպէս մեր նախասիրութիւնները ինքնաբերաբար կը զարգանան վասն մեր գաղութի պահպանման:
Հարց.- Յարգելի պրն. Տէյիրմենճեան «Ապագայ»ի եւ Թէքէեան Մշակ. Միութեան անունով մեր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնենք ձեզի, որ ձեր թանկագին ժամանակէն տրամադրեցիք, մեզի՝ աւելի մօտէն ծանօթացնելով պոլսահայ մեր սիրելիները: Կ’ըսենք ձեր թանկագին ժամանակը որովհետեւ տեղեկացանք, թէ այս ձեր ներկայութեան կարճ ժամանակամիջոցին, երեք բանախօսութիւններու հաճոյքը պիտի վայելենք:
ա)Պոլսոյ հայ վարժարանները եւ ուսումնական մակարդակը:
բ) Պոլսահայ տպագրական կեանք, պոլսահայ գրականութիւն եւ Արաս հրատարակութիւն:
գ) Հրանդ Տինքի ժառանգը եւ ներկայիս Թուրքիան:
Մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ:
Պատ.- Շնորհակալութիււն եւ ձեզ ալ շնորհաւորութիւն ձեր այս անսակարկ աշխատանքին համար:
Սեւան Տէյիրմենճեաի կենսագրութիւնը
Ծնած է Պոլիս, ուր ստացած է իր սկզբնական ու միջնակարգ կրթութիւնը՝ Հինդլեան եւ Կեդրոնական վարժարաններուն մէջ։ Բարձրագոյն կրթութիւնը շարունակած է Հայաստանի մէջ, աւարտելով Երեւանի պետական համալսարանի հայկական բանասիրութեան բաժինը, «Մեհեան» եւ «Նաւասարդ» հանդէսներուն նուիրուած իր աւարտաճառով։ Նոյն հաստատութենէն ստացած է նաեւ յետբարձրագոյն կրթութիւնը՝ իր ատենախօսութիւնը պաշտպանելով Անդրանիկ Ծառուկեանի մասին եւ ստանալով բանասիրական գիտութիւններու թեկնածուի կոչում։ Տէյիրմենճեան եղած է Հայաստան ուսանած առաջին երիտասարդը, որու ուսանողութիւնը պաշտօնապէս ճանչցուած է եւ վկայականն ալ վաւերացուած Թուրքիոյ պատկան մարմիններուն կողմէ։ Այս իմաստով ան եղած է կարապետ մը. իր թելադրանքով ու օժանդակութեամբ աւելի վերջ բազմաթիւ երիտասարդներ իրենց կրթութիւնը շարունակած են Հայաստանի կրթական հաստատութիւններուն մէջ։ 2005-ին վերադարձած է Պոլիս։
Տէյիրմենճեան որպէս հայկական բաժնի խմբագիր կը պաշտօնավարէ «Արաս» հրատարակչատան մէջ։ Ցարդ հրատարակած ու խմբագրած է Զապէլ Եսայեանի (Գր. Պըլտեանի հետ), Եղիա Տէմիրճիպաշեանի (Ս. Դւոյեանի հետ), Երուխանի, Ռուբէն Զարդարեանի, Վահան Թէքէեանի, Միսաք Գօչունեանի եւ դասական այլ հեղինակներու մամլոյ մէջ ցրուած, առանձին հատորով մը չհրատարակուած գրական գործերը, յօդուածները։
Տէյիրմենճեան որպէս ուսուցիչ կը պաշօնավարէ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի եւ «Քատիր Հաս» համալսարանի մէջ, հայերէն ուսուցանելով բոլոր այն այլազգիներուն, որոնք ակադեմական կամ այլ նպատակներով կ՚ուզեն սորվիլ մեր մայրենին։ Միջոց մը որպէս հայերէնի ու գրականութեան ուսուցիչ պաշտօնավարած է նաեւ Բանկալթիի Մխիթարեան վարժարանին մէջ, ուրկէ սակայն վտարուած է՝ իր քաղաքական գաղափարներուն եւ «Ակօս»ի մէջ գրառած յօդուածներուն պատճառով։
Տէյիրմենճեան 1990-ականներու սկիզբէն ի վեր կ՚աշխատակցի պոլսահայ մամուլին՝ գրական, քաղաքական ու հանրային նիւթերու շուրջ յօդուածներ ստորագրելով, հարցազրոյցներ վարելով «Ակօս»ի համար։ Մաս կը կազմէ «Բագին»ի խմբագրական խորհուրդին։ Անցեալին եղած է նաեւ աշխատակիցը «Ժամանակ» եւ «Նոր Մարմարա» օրաթերթերուն։
Առիթ ըլլալու պարագային, կը մասնակցի գրական, լեզուական, կրթական գիտաժողովներու կամ հաւաքներու, կը սարքէ բանախօսութիւններ՝ ծանօթացնելով հայ գրականութիւնը օտար շրջանակներու։ Կը կատարէ թարգմանութիւններ՝ հայերէնէ թրքերէնի եւ հակառակը։