Աշխարհահռչակ Արա Կիւլէրի գործերը՝ Հռոմի մէջ

Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ Արա Կիւլէրի ստեղծագործութիւններու յայտնի ցուցահանդէսի շրջագայութիւնը կը շարունակուի՝ աշխարհի յառաջատար քաղաքներով։ Այս ցուցահանդէսի նոր կանգառը կը հանդիսանայ Հռոմ, ուր Թրասթեւերէի թանգարանէն ներս բացուած է Արա Կիւլէրի ցուցահանդէսը։ Այս մասին կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթը:

Ցարդ Լոնտոնի, Փարիզի, Քիոթոյի եւ Նիւ Եորքի մէջ կազմակերպուած այս ցուցահանդէսը այժմ կը կրկնուի Հռոմի մէջ։ Սա արդէն հինգերորդ անգամն է, որ միջազգային հարթակի վրայ կը ծանօթացուին Արա Կիւլէրի նկարահանած դրուագները՝ անցեալ տարուան ապրիլ ամիսէն ի վեր։ Հանրապետութեան նախագահութեան նախաձեռնութեամբ, Արա Կիւլէրի թանգարանի արխիւային ու հետազօտութեան կեդրոնի համագործակցութեամբ կեանքի կոչուած հերթական ծրագիրն է այս մէկը։ Ցուցահանդէսը կը ցոլացնէ նաեւ անմոռանալի վարպետի կեանքին ու գործունէութեան վերաբերեալ ինչ-ինչ ծալքեր։

Հռոմի մէջ ցուցահանդէսի պաշտօնական բացման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Հանրապետութեան նախագահի աւագ խորհրդական Ֆեճիր Ալփթեքին, Հռոմի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Մուրատ Սալիմ Էսենլի, Վատիկանի մօտ Թուրքիոյ դեսպան Լիւթֆուլլահ Կէօքթաշ, իտալական պետական շրջանակներէ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ եւ բազմաթիւ հիւրեր։

Տեղական մամուլը լայնօրէն կ՚անդրադառնայ այս իրադարձութեան՝ ընդգծելով նաեւ իտալական զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն կողմէ ցուցաբերուած հետաքրքրութիւնը։