«Միւզիքըլ Արմինիա»-ի 37-րդ տարեկան համերգը տեղի պիտի ունենայ Մարտ 15-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նիւ Եորքի աշխարհահռչակ «Քառնըկի» համերգասրահի «Ուէյլ» սրահին մէջ։ «Հայրենիք»-ի տեղեկութիւններով՝ այս տարուան համերգին ելոյթ պիտի ունենան՝ դաշնակահարուհի Տաթեւ Ամիրեան, սոփրանօ Աննա Հայրապետեան եւ թաւջութակահարուհի Լաուրա Նաւասարդեան։
Այս երեք երիտասարդ արուեստագիտուհիները այլազան ու հետաքրքրական ծրագիր մը պիտի ներկայացնեն, շարունակելով երկար տասնամեակներու աւանդութիւնը։
«Միւզիքըլ Արմինիա», որ 1982-ին հաստատուած էր օրուան առաջնորդ՝ լուսահոգի Մեսրոպ արք. Աշճեանի եւ Ազգ. Առաջնորդարանի Տիկնանց Միութեան ջանքերով, նուիրուած է երիտասարդ հայ արուեստագէտներ ծանօթացնելու եւ հայ երգահաններու գործերու մեկնաբանութեան սատարելու։ Անցնող 38 տարիներուն, ելոյթ ունեցողներէն շատերը իրենց ասպարէզին մէջ յայտնի ու հաստատուն անուն ունեցող երաժիշտներ դարձած են։
Ինչպէս անցեալին, «Միւզիքըլ Արմինիա»-ի հովանաւորներն ու աջակիցները կարեւոր նպաստ մը կրնան բերել՝ այս արուեստագէտներու զարգացման գործին։ Հովանաւորութեան չորս տարբեր դասակարգեր հաստատուած են։