Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան Փետրուար 14-ի առաւօտեան այցելած է Գերմանիոյ առեւտրաարդիւնաբերական պալատ, ուր աշխատանքային նախաճաշի ծիրէն ներս հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ տնտեսութեան եւ ուժանիւթի դաշնային պետքարտուղար Թոմաս Պարէսի, Գերմանիոյ առեւտրաարդիւնաբերական պալատի գործադիր տնօրէն, արտաքին տնտեսական հարցերով խորհուրդի նախագահ Ֆոլքեր Թրայերի եւ պալատի ներկայացուցիչներու հետ:
Ըստ ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութեան՝ Թոմաս Պարէյս շնորհակալութիւն յայտնած է վարչապետին հանդիպման համար եւ նշած, որ գերմանական կողմը շահագրգռուած է Հայաստանի հետ առեւտրատնտեսական կապերու յետագայ զարգացմամբ ու ընդլայնմամբ: Ան վստահութիւն յայտնած է, որ վարչապետի այցը նոր խթան կը հանդիսանայ երկկողմ գործարարութեան կապերու ընդլայնման, տնտեսութեան տարբեր ճիւղերու մէջ համատեղ նոր ծրագիրներու իրականացման համար:
Վարչապետ Փաշինեան անդրադարձած է Հայաստանի տնտեսութեան մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն եւ գործի միջավայրի բարելաւման ուղղութեամբ կառավարութեան կողմէ իրականացուող քայլերուն: Ան մանրամասն խօսած է արդիւնաբերութեան, զբօսաշրջութեան, գիւղատնտեսութեան, տեղեկատուական արհեստագիտութիւններու ոլորտներու մէջ իրականացուող ծրագիրներու եւ ՀՀ կառավարութեան առաջնահերթութիւններու մասին։
Հանդիպման ընթացքին կողմերը քննարկած են յառաջիկային համատեղ ծրագիրներու իրականացման ուղղութեամբ հնարաւոր քայլերն ու ծրագիրները, որոնք նոր ազդակ կը հաղորդեն հայ-գերմանական առեւտրատնտեսական յարաբերութիւններուն: Կողմերը կարեւոր համարած են նաեւ համաժողովներու իրականացումը ու գործարարներու միջեւ կապերու ու համագործակցութեան խորացումը: