ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ ՀՀ ԴԵՍՊԱՆ ՍԵՐԿԷՅ ՄԱՆԱՍԱՐԵԱՆԻ ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑԸ «News.am» ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ԳՈՐԾԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ

Հարց – Պարոն դեսպան, ներկայիս, Չինաստանի մէջ ՀՀ քանի՞ քաղաքացի կը բնակի։ Անոնցմէ քանի՞ն դեսպանութեան հետ կապ հաստատած են։  ՀՀ քաղաքացիներուն վերաբերող յատուկ խնդիրներ եղա՞ծ են եւ հնարաւոր եղա՞ծ է անոնց լուծում գտնել:

Պատասխան – Ներկայիս Չինաստանի մէջ ՀՀ դեսպանութեան իրենց տուեալները ուղարկելու կոչին արձագանգած է շուրջ 470 քաղաքացի, որոնց մէկ մասը վերջին օրերուն Հայաստան վերադարձած է, սակայն, մեր կարծիքով, այս մէկը ամբողջական պատկերը չարտացոլէր, քանի որ կան քաղաքացիներ, որոնք դեսպանութեան յայտարարութեան չեն արձագանգած, բացի այդ, մեծ թիւով ՀՀ քաղաքացիներ, արդէն Հայաստան վերադարձած են:   Մեր նախնական հաշուարկներուն համաձայն,  Յունուար 25-էն Փետրուար 5-ի ընթացքին, Չինաստանէն Հայաստան վերադարձած է  214 ՀՀ քաղաքացի:   Նշենք որ առ այսօր կը շարունակենք լրացուցիչ տեղեկութիւններ ստանալ ՀՀ քաղաքացիներէն, որոնք կը լրացուին դեսպանութեան տուեալներուն համապատասխան:  Մեր քաղաքացիներէն դեսպանութեան եղած որեւէ հարցով դիմում,  անարձագանգ չի մնար: Բնականաբար, այս պահուն դիմումներուն մեծ մասը նոր տիպի քորոնավիրուսի տարածման իրավիճակին կը վերաբերի եւ իւրաքանչիւր դէպքի պարագային,  դեսպանութիւնը կը փորձէ իր իրաւասութեան շրջանակներուն մէջ խորհրդատուութիւն տրամադրել եւ հարցը լուծել, Չինաստանի իշխանութիւններուն հետ համագործակցութեան շրջանակէն ներս:

 

Հարց – Այսպիսի մեծ պետութեան մէջ, դեսպանութիւնը ինչպէ՞ս կապ կ’ապահովէ ՀՀ քաղաքացիներուն հետ: Դժուարութիւններ կա՞ն:

Պատասխան – Իրաւացի էք,  այսպիսի մեծ երկրի պայմաններուն մէջ դեսպանութիւն կ’այցելեն մեծ մասամբ Փէքին բնակող ՀՀ  քաղաքացիները, իսկ այլ քաղաքներու մէջ բնակող քաղաքացիներու հետ կապը կ’ապահովուի հեռաձայնի, էլեկտրոնային փոսթի միջոցով, նաեւ կ’օգտագործուին ընկերային ցանցերու հարթակները, ուր գրանցուած են Չինաստանի մէջ բնակող հայերը եւ դեսպանութեան դիւանագէտները:  Փաստօրէն, կապ ապահովելու հարցին վերաբերեալ խնդիրներ չունինք։

Հարց – Վերջերս քաղաքացիներէն մէկու կողմէն հրապարակում մը եղաւ որ դեսպանութիւնը ՀՀ քաղաքացիներուն յստակ քայլերու դիմելու կոչ չէ ներկայացուցած, այլ նշած է որ քաղաքացիները պէտք է իրենք որոշեն իրենց յետագայ քայլերը: Ի՞նչ կոչեր ներկայացուած են ՀՀ քաղաքացիներուն։

Պատասխան –  Վերջին օրերուն եղած դիմումները եւ հարցադրումները կապուած էին ստեղծուած իրավիճակին հետ: Հարկ է նշել որ իրավիճակը կը փոխուի ոչ թէ ամէն օր, այլ գրեթէ ամէն ժամ:   Այս իրավիճակին մէջ դեսպանութեան դիմած քաղաքացիներու շրջանակէն ներս տարակարծութիւն կայ. անոնցմէ ոմանք Չինաստանէն մեկնելու ցանկութիւն յայտնեցին, ուրիշներ յստակ նշեցին որ իրենք ապահով կը զգան  Չինաստանի իրենց ներկայ բնակութեան վայրին մէջ եւ կարծիք յայտնեցին որ ամենամեծ վախը տեղափոխուելու մէջ է:   Այս պատճառով, իւրաքանչիւր քաղաքացիի մանրամասն կը բացատրուի ներկայ իրավիճակը, սակայն դեսպանութիւնը որեւէ մէկուն չի կրնար պարտադրել այս կամ այն որոշումը ընդունիլ: Նշեմ նաեւ որ ներկայիս որեւէ պետութիւն իր քաղաքացիներուն տարհանում չընէր Չինաստանէն, բացառութեամբ՝ Հուպէյ նահանգէն:

Հարց – Հայերուն մէջ  քորոնավիրուսով վարակուածներ կա՞ն, ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկուին Հայաստան տեղափոխուող քաղաքացիներուն, քարանթինի մէջ պահելու ուղղութեամբ:

Պատասխան – Այս պահուն,  դեսպանութիւնը Չինաստան բնակող Հայաստանի քաղաքացիներուն մէջ նոր տիպի քորոնավիրուսի վարակման դէպքերու մասին տեղեկութիւններ չունի: Վստա՛հ եղէք որ նման պարագային՝ դեսպանութիւնը անմիջապէս կը տեղեցկացուէր, մանաւանդ որ օտաերկրացիներու վարակման դէպքերը չինական իշխանութիւններու յատուկ հսկողութեան տակ կը գտնուին։   Չինաստանէն Հայաստան տեղափոխուող քաղաքացիները, քարանթինի մէջ պահելու հարցով՝ կարծեմ աւելի յարմար է ՀՀ Առողջապահութեան Նախարարութեան դիմել: Եթէ չեմ սխալիր, այս հարցով նախարարութունէն արդէն արձագանգ եղած է:

Հարց –  ՀՀ քաղաքացիները կ’ուզե՞ն Հայաստան վերադառնալ։ Վերադարձի քանի՞ դիմում ներկայացուած է ՀՀ դեսպանութեան:

Պատասխան – Այս հարցի կապակցութեամբ,  դեսպանութեան դիմած քաղաքացիներու կարծիքները նոյնպէս միանշանակ չեն: Ոմանք յայտնեցին որ այս վիճակին, վերադառնալու ցանկութիւն չունին, ոմանք ալ նշեցին որ անպայման Հայաստան պիտի վերադառնան: Այս վերջիններուն խնդիրները հիմնականօրէն կապուած են ընտրուելիք փոխադրամիջոցներուն եւ տարանցիկ երկիրներուն մէջ ստեղծուած պայմաններուն հետ:  Փետրուարի 6-ին ՀՀ ԱԳՆ-ի յանձնառարութեամբ, դեսպանութիւնը Չինաստան բնակող ՀՀ քաղաքացիներու շրջանակին մէջ կոչ մը ըրաւ, Հայաստան վերադառնալու իրենց ցանկութիւնը յստակացնելու համար։  Այսօրուան դրութեամբ այդ կոչին 15 ՀՀ քաղաքացի արձագանգած է։  Պատասխանները ամփոփելէն յետոյ համապատասխան որոշում կը կայացուի:

Հարց – նիւթական խնդիրներ ունեցող ՀՀ քաղաքացիներուն համար, որեւէ նիւթական աջակցութիւն ցուցաբերելու հնարաւորութիւն կը դիտարկուի՞, և արդեօք  նման դիմումներ եղա՞ծ են։

Պատասխան – Ինչ կը վերաբերի քաղաքացիներու նիւթական խնդիրներուն, ապա նշեմ որ նմանատիպ հարցեր արձանագրուած էին առաջին քանի մը օրերու ընթացքին. այդ հարցերով դիմած քաղաքացիները արդէն հայրենիք վերադարձ են: Իւրաքանչիւր դիմում յատուկ քննարկում եւ մօտեցում կը պահանջէ։

Հարց – Օրեր առաջ «Ուրալ աւիաուղիները» մերժած էին ՀՀ քաղաքացիները տեղափոխել. ի՞նչ կ’ըսէք այս մասին։ Այս հարցը պատկան մարմիններու կողմէն քննարկուեցա՞ւ։

Պատասխան –  Այո՛, նման դէպքեր արձանագրուցան:  «Ուրալ աւիաուղիներ» ընկերութիւնը այս դէպքը պատճառաբանած էր այն հանգամանքով որ իրենք ոչ կանոնաւոր չարթըրային թուչքներ կ’ընեն եւ ստեղծուած իրավիճակը չինական կողմի պահանջն էր:   Ի դէպ, խօսքը ոչ միայն ՀՀ քաղաքացիներուն կը վերաբերէր, այլ բոլոր օտարեկրեայ նաեւ՝ Չինաստանի քաղաքացիներուն:   Այդ միջադէպի ընթացքին, ՀՀ դեսպանութիւն դիմած քաղաքացիներուն յորդորուած էր փոխհատուցումը տեղւոյն վրայ ստանալ եւ անմիջապէս փորձել տեղափոխուիլ «Աերոֆլոթ»-ի կանոնաւոր թռիչքներ։ Այդպէս ալ եղաւ։    Արձանագրուած են դէպքեր, երբ քաղաքացիները չեն կրցած իրենց փոխհատուցումը ստանալ. այս կապակցութեամբ դեսպանութիւնը հետեւողական աշխատանքներ տարաւ եւ Ռուսաստանի ՀՀ դեսպանութեան հետ համագործակցութեան արդիւնքով, նշուած քաղաքացիները այսօր այդ հարցը կրնան կարգաւորել «Ուրալ աւիաուղիներ» Երեւանի գրասենեակին հետ:

Հարց – Դուք նշեցիք  Ուհան քաղաքէն, ՀՀ երկու քաղաքացիի տարհանման մասին: Քարանթինի մէջ գտնուող ՀՀ քաղաքացիները անձամբ իրե՞նք կը հոգան իրենց բժշկական ծախսերը, քանի որ թերեւս նաեւ այդ է տարհանուելէն հրաժարելու պատճառներէն մէկը:

Պատասխան – Ինչպէս նշած էինք մեր բազմաթիւ հաղորդագրութիւններուն մէջ, քարանթինի յայտարարութենէն ետք, փակ գօտիին մէջ մնացած էին 11 ՀՀ քաղաքացի, որոնց մէջ՝ 4 հոգիէ բաղկացած սուրիահայ ընտանիք։   ԱԳՆ-ներու եւ դեսպանութիւններու աշխատանքի արդիւնքով հնարաւոր եղաւ Հայաստանի մէկ քաղաքացի տարհանել դէպի Ղազախստան եւ մէկ քաղաքացի՝ Ռուսաստան:   Դեսպանութեան բազմաթիւ յորդորներուն ի պատասխան՝ մնացած քաղաքացիները, արդէն  նշուած պատճառներուն համար, կամաւոր հրաժարեցան տարհանումէն: Դեսպանութիւնը ամենօրեայ կապի մէջ է քարանթինային գօտի մնացած քաղաքացիներուն հետ եւ հարկ է նշել որ վերջիններուս մօտ խուճապային տրամադրութիւններ չկան։   Ինչ կը վերաբերի բժշկական սպասարկման, ապա այդ հարցը պէտք է երկու մասի բաժնել. այն քաղաքացիները, որոնք Չինաստանի  ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ կ’ուսանին եւ հանրակացարաններու մէջ կը բնակին, ամենօրեայ բժշկական զննման կ’ենթարկուին, անոնց սենեակներն ալ՝ վարակազերծման:  Իսկ այն քաղաքացիները, որոնք Չինաստան ժամանած են աշխատելու անհատական պայմանագիրներով և վարձուած բնակարաներու մէջ կը բնակին, յայտնած են մեզ որ Չինաստանի համապատասխան մարմիններու ներկայացուցիչներ, շաբաթը մէկ անգամ անոնց կ’այցելեն՝ բժշկական զննման նպատակով։   Միևնոյն ժամանակ, շէնքերու ընդհանուր տարածքները ամենօրեայ վարակազերծման կ’ենթարկուին, իսկ համընդհանուր շէնքերու տարածքէն ներս եւ դուրս գալու ընթացքին, պարտադիր մարդոց ջերմութիւնը կը ստուգուի։ Այս բոլորը՝ անվճար։  Միաժամանակ ընկերային ցանցերու վրայ կան տեղեկատուական յատուկ յաւելուածներ, որոնք մասնագիտական պատասխաններ կու տան անգրաժեշտութեան պարագային։

Հարց – Ի՞նչ խորհուրդ  կու տաք Չինաստան գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն։

Պատասխան – Մենք կը հասկնանք որ այս շրջանին Չինաստան գտնուող ՀՀ քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ բոլոր օտարերկրացիներուն վիճակը հեշտ չէ։ Կրկին կը խնդրենք խուճապային տրամադրութենէն խուսաբիլ։   Վերջին տուեալները ցոյց կուտան որ վարակի տարածումը հիմնականօրէն Հուպէյ նահանգին մէջ տեղի կ’ունենայ: Այլ նահանգներու մէջ հիւանդութեան տարածման ծաւալները համեմատաբար շատ աւելի փոքր են :  Շատ կարեւոր է նաեւ միայն ստուգուած տեղեկատուութենէ օգտուիլ ու զայն տարածել, քանի որ այս իրավիճակին, սխալ տեղեկատուութեան վրայ հիմնուած խուճապային տրամադրութիւնները աւելի հեշտ կը ձեւաւորուին։   Նաեւ կը յորրդորենք, անհրաժեշտութեան պարագային, անմիջապէս կապ հաստատել Փէքինի ՀՀ դեսպանութեան հետ, որ այս օրերուն շուրջօրեայ կ’աշխատի։