ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ԾՆՆԴԵԱՆ 150 ԱՄԵԱԿԻՆ ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ՀԱՄԵՐԳ՝ ԹՈՐՈՆԹՈՅԻ ՄԷՋ

Յարութիւն Դերձակեան

Երաժշտութեան մեծ հանճար Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150 ամեակին առիթով աշխարհի չորս ծագերուն հայաշատ կեդրոններուն մէջ կազմակերպուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս, անցեալ Հոկտեմբերին Թորոնթոյի մէջ  կազմակերպուած էր բարձրամակարդակ համագաղութային յոբելենական ձեռնարկ մը։ Այս տարի եւս կազմակերպութեամբ « Սինֆոնիա Թորոնթօ » սենեկային նուագախումբը, իր հիմնադիր նախկին Պոլսահայ, Մխիթարեանի սան, հանրածանօթ խմբավար եւ գեղարուեստական ղեկավար Նուրհան Արմանի մականին տակ նոյն նպատակով համերգ մը սարքեցին Musical Bridges « Երաժշտական կամուրջներ » անուան տակ, որ կը նշանակէ բոլոր ժողովուրդներու հետ միասնաբար երաժշտութեան միջոցով կը ծանօթացնեն  մշակոյթը։

 

Համերգը սարքուեցաւ 22 Փետրուար 2020 Շաբաթ երեկոյ Թորոնթոյի լաւագոյն համերգասրահներէն Նորթ Եորք « Մէրիտիըն Արուեստի Կեդրոն » ին մէջ։ Մասնաւորաբար հայեր եւ օտար երաժշտասէրներ լեցուցած էին սրահը։ Ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտնի մենակատարներ՝ Գանատացի –  Թուրք օփերայի երգչուհի մեցցօ սոփրանօ Պէսթէ Քալէնտէր եւ հայազգի ջութակահար Նունէ Մելիք։ Յայտագրին մէջ նուագուեցաւ Կոմիտասի կտորները եւ անկէ զատ Կոմիտասի ազդեցութիւնները կրող երգեր, իսկ ամէնէն կարեւորը որ Կոմիտաս արձանագրած է հայ ֆոլք – ժողովրդական երաժշտութիւնը։

 

Մեցցօ սոփրանօ Պէսթէ Քալէնտէրի երիտասարդութիւնը անցած է Պոլսոյ մէջ, յաճախելով պետական

երաժշտանոցը եւ Պողազիչի համալսարանը։ Ապա ան իր ուսումը շարունակած է Թորոնթոյի « Ռոյըլ » երաժշտանոցը։ Առաջին անգամ նախ 2017 ին ապա 2018 ին Նիւ Եորքի յայտնի « Քարնէճի հոլ » սրահին մէջ բեմ բարձրացած եւ բոլորին ուշադրութիւնը գրաւած է։ Այնուհետեւ  Ռուսաստանի, Սպիտակ Ռուսիոյ, Իտալիոյ, Քորէայի, Ֆրանսայի, Գանատայի զանազան քաղաքներու միջազգային բեմերու վրայ նշանաւոր օփերաներու մէջ դեր ստանցնած եւ փառատօներու մասնակցելով արժանացած է զանազան մրցանակներու։

Տաղանդաւոր ջութակահար Նունէ Մելիք ծնած է Սիպիրիոյ մէջ, վեց տարեկանին սկսած է ջութակ նուագել, տարի մը վերջ եօթը տարեկանին առաջին մենահամերգը սարքած է « Քազան » սիմֆոնի նուագախումբին հետ։ Այդ թուականէն սկսեալ որպէս մենակատար հանդէս եկած է Հայաստան, Գանատա, Դանիոյ, Ֆրանսա, Գերմանիոյ, Իտալիոյ, Մէքսիքօ, Ռուսիոյ եւ Ամերիկա Միացեալ Նահանգներ սենեկային նուագախումբերու հետ։ Ելոյթներ ունեցած է Նիւ Եորքի « Քարնէճի հոլ »ի, « Լինքոլն կեդրոն »ի, Մոսկուայի « Պոլշոյ » ի նմանօրինակ միջազգային բեմերու վրայ։ Նունէ Մելիք ճանչցուած է որպէս Կովկասի երաժշտութեան մասնագետ, տիրապետելով չորս լեզուներու, դասախօսած է Գոլոմպիա համալսարանի, Ուեյն պետական համալսարանի, Արիզոնայի համալսարանի, Երեւանի Նարեկացի Արուեստի հիմնարկի եւ Ռուս-Հայկական համալսարաններու մէջ։ Ներկայիս ան իր տոքթորայի ուսումը կը շարունակէ Մոնրէալի « Մաք Կիլ » համալսարանին մէջ։ Նունէն արժանացած է զանազան մրցանակներու։

 

Յայտագիրը սկսելէ առաջ խմբավարը  կտորներու եւ յօրինողներու մասին ընդհանուր տեղեկութիւններ փոխանցեց։ Յայտագիրը սկսաւ Նուրհան Արմանի մականին տակ « Սինֆոնիա Թորոնթօ » սենեկային նուագախումբի ելոյթով։  Նուագախումբը նախ մեկնաբանեց Լորիս Չոպանեանի « Կոմիտաս. Տանջուած հոգին » կտորը, որ մեղմ եւ տխուր երաժշտութեամբ ցոյց կ՚ուտար Կոմիտասի կրած ցաւը, տառապանքը եւ տանջանքները։

 

Ապա Կոմիտասի « Չընար ես » կտորը յաջողապէս մեկնաբանեց մեցցօ սոփրանօ Պէսթէ Քալէնտէր։ Այս կտորին յօրինումը կատարուած էր Նուրհան Արմանի կողմէ։

 

Յաջորդաբար Պէսթէ Քալէնտէր մեկնաբանեց նաեւ Թուրք յօրինող Թահսին Ինճիճիի կողմէ Նազըմ Հիքմէթի բանաստեղծութիւններուն վրայ հիմնուած երկու երգեր՝ « վարնա » եւ « Խաղաղութիւն », որոնք առաջին անգամ մեկնաբանուեցան։ Այս անգամ երգչուհին հանդէս եկաւ Կոմիտասի « Ալ այլուղս » ժողովրդական երգով, որուն յօրինումը կատարուած էր Նուրհան Արմանի կողմէ։ Այս մեկնաբանութիւնը ջերմ գնահատանքի արժանացաւ։

 

Ջութակահար Նունէ Մելիք բեմ բարձրանալով « Սինֆոնիա Թորոնթօ » ի հետ միասնաբար գեղեցիկ հնչեղութեամբ մեկնաբանեց հայաստանցի ծանօթ յօրինող Վաչէ Շարաֆեանի կողմէ ջութակի եւ սենեկային նուագախումբի համար մշակուած եւ ժամանակակից ոճով գրուած « Քոնչէրթօ Սերենատա » կտորը, որ արժանացաւ ջերմ ծափահարութիւններու։  Այս կտորը առաջին անգամ կը նուագուէր Գանատայի մէջ։ Նունէն որպէս պիսի կտոր մեկնաբանեց նաեւ Կոմիտասի « Վաղարշապատի պար » կտորը։ Այսպէսով յայտագրի առաջին մասը իր աւարտին հասաւ։։

 

Միջնարարէն ետք սկսաւ յայտագրի երկրորդ մասը, որ շատ աւելի զուարդ կտորներէ կը բաղկանար։ Առաջին առթիւ նուագուեցաւ յոյն յօրինող Նիքոս Սքալքոթաս էն ( 1904-1949 ) հինգ յունական պարեր։ Յաջորդաբար նուագուեցան յայտնի երգահան եւ յօրինող Էտուարտ Միրզոյեանի ( 1921-2012 ) հրաշալի մէկ ստեղծագործութիւնը՝ « Էլեկիա։ Շուշանիկ » կտորը, ապա Հունգարացի Պէլա Պարթոքէն (1881-1945 )  վեց Ռումանական ժողովրդական պարեր։ Այս պարերուն յաջորդեց Կոմիտասի ժողովրդական երգերն ու պարերը։

« Շողեր ջան », փառատօնի երգ « Հաբրբան », « Հոյ Նազան », « Կաքաւիկ » եւ « Էջմիածնի պար » կտորով յայտագիրը իր աւարտին հասաւ։ Որպէս պիսի կտոր նուագուեցաւ Կոմիտասի « Քէլէ քէլէ » եւ Արամ Խաչատուրեանի նշանաւոր « Դիմակաւոր պարահանդէս »ի վալս կտորը։ Խմբավարը եւ նուագախումբը քանիցս բեմ հրաւիրուելով ներկաներու երկարատեւ բուռն ծափողջոյններով ողջունուեցան։