Ստեփանակերտի մէջ պիտի կազմակերպուին ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային օրուան նուիրուած ձեռնարկներ

Ստեփանակերտի «Փոլ Էլուարի տուն ֆրանսախօս երկիրներու կեդրոն» հիմնադրամը Մարտ 20-ին պիտի կազմակերպէ շարք մը ձեռնարկներ` նուիրուած Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային օրուան:

Ըստ «Արցախփրես»-ի՝ ըսած է վերոնշեալ կեդրոն հիմնադրամի տնօրէն Նելլի Աւանեսեան` ընդգծելով, որ այդ տօնը կը նշուի աշխարհի աւելի քան 65 երկիրներու մէջ:

Ֆրանսախօսութեան տօնին նպատակը ֆրաներէնի տարածումն է, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն ֆրանսական մշակոյթին եւ քաղաքականութեան ծանօթացնելը:

«Ամէն տարի կեդրոնը Ֆրանսայէն հիւրեր կ՛ընդունի` կազմակերպելով տարաբնոյթ ձեռնարկներ, որոնց միջոցով կը փորձենք հիւրերուն ցոյց տալ կեդրոն յաճախող ուսանողներուն գիտելիքները, ինչպէս նաեւ անոնց կը ներկայացնենք արցախեան մշակոյթը: Այս տարի` Մարտ 20-էն սկսած, մէկ շաբաթուան ընթացքին կրկին պիտի կաազմակերպենք տարաբնոյթ ձեռնարկներ: Տեղի պիտի ունենան թատերական բեմականացում, խաղ-մրցոյթներ` ֆրանսական գրակաանութեան, աշխարհագրութեան, երաժշտութեան եւ այլ ոլորտներու, ինչպէս նաեւ ֆրանսական քաղաքակրթութեան վերաբերող թեմաներու, ֆիլմերու ցուցադրութիւններ, որոնք եւս պիտի նպաստեն Արցախի մէջ ֆրանսերէնի զարգացման: Այդ բոլորը, անշուշտ, պիտի նպաստեն Ֆրանսա-Արցախ բարեկամութեան ամրապնդման»,- մասնաւորապէս ըսած է Աւանեսեան: