Վարչապետ Աբրահամեան մասնակցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան 8 Սեպտեմբերին Կրոտնոյի մէջ (Պիելոռուսիա) մասնակցած է Եւրասիական տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին: Վարչապետին գլխաւորած պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հայաստանի փոխվարչապետ, միջազգային տնտեսական  համարկման եւ բարեփոխումներու նախարար Վաչէ Գաբրիէլեան, փոխնախարար Սուրէն Կարայեան եւ Հայաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Շաւարշ Քոչարեան:

Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ պետութիւններու վարչապետները քննարկած են համարկման փոխգործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր: Կառավարութիւններու ղեկավարները հիմնականին մէջ քննարկած են Եւրասիական տնտեսական միութեան  ծիրին մէջ արդիւնաբերական համագործակցութեան հիմնական ուղղութիւններուն, մեծ տնտեսական եւ ֆինանսական կայունութեան ապահովման, ծառայութիւններու միասնական շուկայի ձեւաւորման, արտասահմանեան երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու զարգացման վերաբերող հարցեր:

Անդրադառնալով օրակարգային հարցերուն` Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան իր խօսքին մէջ նշած է, թէ  հայկական կողմը կ’աջակցի ընդունման նիստի օրակարգին վրայ ներառուած եւ համաձայնեցուած փաստաթուղթերու նախագիծերուն, որոնք կ՛ընդգրկեն Եւրասիական տնտեսական միութեան շրջանակներուն մէջ  համագործակցութեան տարբեր մարզեր: Վարչապետը նշած է, որ Հայաստան կարեւոր կը նկատէ այն քայլերը, որոնք ուղղուած են արդիւնաբերական համագործակցութեան ընդլայնման եւ խորացման` Եւրասիական տնտեսական միութեան ծիրին մէջ: Այս պարունակին մէջ ընդգծելով Հայաստանի Հանրապետութեան հարուստ փորձառութիւնն ու մասնագիտացումը` Հայաստանի վարչապետը նշած է հայկական կողմին պատրաստակամութիւնը Եւրասիական ճարտարագիտական կեդրոնի համար հարթակ տրամադրելու հարցին մէջ: Յովիկ Աբրահամեան նաեւ կարեւոր նկատած է մեծ տնտեսական եւ դրամավարկային քաղաքականութեան իրականացման գծով փոխհամաձայնեցուած փորձառութեան փոխանակումը:

Եւրասիական տնտեսական միութեան միջկառավարական խորհուրդի նիստին Հայաստանի վարչապետին առաջարկով որոշուած է յաջորդ նիստը գումարել Հայաստանի մէջ:

Վարչապետ Աբրահամեան Եւրասիական տնտեսական միութեան անդամ երկիրներուն առաջարկած է նաեւ, որ ռազմավարական ապրանքներու առեւտուրը կատարուի ռուբլիով՝ հրաժարելով տոլարի  կախուածութենէն: