Ինչպէս նախորդող տարիներուն, այս տարի եւս Գանատայի խորհրդարանին մէջ Պաքուի եւ Սումկայիթի ջարդերը դատապարտող յայտարարութիւններ կատարուեցան: Խորհրդարանին անդամները նշեցին, որ Գանատայի ամբողջ հայութիւնը այս օրերուն յարգանքի տուրք կը մատուցէ Պաքուի եւ Սումկայիթի մէջ ոճրագործութեան զոհ դարձած հազարաւոր հայերու յիշատակին:
Փետրուար 26-ին, խորհրդարանի հերթական նիստի ընթացքին, Գանատայի խորհրդարանի Ազատական կուսակցութեան պատգամաւոր Էմանուէլա Լամպրոփուլոս ելոյթ ունենալով ըսաւ. «30 տարի առաջ Ազրպէյճանի մայրաքաղաք Պաքուի մէջ տեղի ունեցան հայերու ջարդերը: 7 օրուան ընթացքին հարիւրաւոր հայեր ենթարկուեցան բռնութիւններու, սպաննուեցան եւ արտաքսուեցան քաղաքէն: Այդ յանցագործութիւններով երկրին մէջ աւարտին հասան հայերուն նկատմամբ սկսած ցեղային մաքրագործումները: Շուրջ 500 հազար հայեր տեղահան եղան ու ցրուեցան աշխարհի տարածքին, նաեւ` Գանատա: Հայերու կոտորածներ կատարուեցան նաեւ Սումկայիթի մէջ, ինչ որ ցնցեց ամբողջ աշխարհը»:
Փետրուար 27-ին, Պահպանողական երեսփոխան Պոպ Սարոյա Գանատայի խորհրդարանէն պահանջեց շարունակել հաւատարիմ մնալ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ մարդկութեան դէմ ոճիրներու կանխման յանձնառութեան: «Ի պատասխան Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութեան ինքնորոշման պահանջին` ազրպէյճանական իշխանութիւնները կազմակերպեցին հայ բնակչութեան կոտորածներ ու ցեղային մաքրագործումներ Սումկայիթի եւ մայրաքաղաք Պաքուի մէջ: Այս ջարդերը Ազրպէյճանի մէջ հայերու նկատմամբ ցեղատեացութեան, ատելութեան եւ խտրականութեան վկայութիւն են, որ, ցաւօք, կը շարունակուի», յայտնեց ան:
Դարձեալ Փետրուար 27-ին, Գանատայի խորհրդարանի Ազատական կուսակցութեան անդամ Ֆայսալ Խուրի իր խօսքին մէջ Պաքուի ու Սումկայիթի ջարդերը մարդկութեան դէմ նողկալի յանցագործութիւն անուանեց: «Լաւալ լէ զ՛իլ համայնքին եւ ամբողջ Գանատայի հայերը կը յիշատակեն Պաքուի եւ Սումկայիթի հայերու ցեղասպանութիւնը: Անիկա մարդկութեան դէմ յանցագործութիւն էր, որ շատ մարդոց կեանքը խլեց: Այդ ցաւը դեռ թարմ է անկէ վերապրածներուն յիշողութիւններուն մէջ: Այսօր, եկէք, պահ մը յարգանքի տուրք մատուցենք այս բարբարոսական բռնութենէն ուղղակի կամ անուղղակի կերպով տուժածներուն: Այս սարսափելի ողբերգութիւնը յիշատակելով` մենք կը հասկնանք, թէ որքա՛ն բախտաւոր ենք, որ կ՚ապրինք Գանատայի պէս երկրի մը մէջ, ուր մարդու հիմնարար իրաւունքները կը յարգուին, եւ ուր բոլորս ունինք մարդկային նոյն արժէքները` հանդուրժողականութիւն, յարգանք եւ արդարութիւն», յայտնեց Խուրի: