«Եւրոտեսիլ 2020» երգի միջազգային մրցոյթը տեղի պիտի չունենայ:
«Արմենփրես»-ի հաղորդմամբ` այս մասին պաշտօնական հաղորդագրութիւն տարածած է Եւրոպական հեռարձակողներու միութիւնը:
Ըստ որուն՝ կը նշուի, որ կազմակերպիչները նախորդ քանի մը շաբաթուան ընթացքին փորձած են մրցոյթը իրականացնելու բազմաթիւ այլընտրանքային լուծումներ գտնել, սակայն COVID-19-ի արագ տարածումը Եւրոպայի եւ այլ երկիրներու մէջ կանխած է իրենց նախաձեռնութիւնները:
«Եւրոտեսիլ 2020»-ին Հայաստանը պիտի ներկայացնէր յունահայ երգչուհի Աթենա Մանուկեանը «Chains On You» երգով, որուն հոլովակը օրերս ներկայացուեցաւ երաժշտասէրներուն:
Մրցոյթը տեղի պիտի ունենար Հոլանտայի Ռոթերտամ քաղաքին մէջ: Մրցոյթի կիսաեզրափակիչ փուլերը պիտի կայանային Մայիս 12-14-ին, իսկ եզրափակիչը` Մայիս 16-ին: