ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԱՌԱՋԻՆ ԿԻՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻՉԸ ՀԱՅ Է. ՄԱՐԻԱՄ ՇԱՀԻՆԵԱՆ

Սեւան Սեմէրճեան

 

Մարիամ Շահինեանը ծնած է Թուրքիա, Սվազի կենդրոնը գտնուող Շահինեաններու առանձնատունը (Şahinyan Konağı), որ առաւել յայտնի է որպէս Ապակեայ տաղաւար (Camlı Köşk)։

Անոր մեծ հայրը՝ Յակոբ Շահինեան Փաշան, 1877-ին հիմնադրուած օսմանեան առաջին խորհրդարանին մէջ Սվազի ներկայացուցիչն էր։

1915 թուականի Մեծ Եղեռնէն յետոյ, 4 տարեկան Մարիամին ընտանիքը փախած է Սթանպուլ ձգելով անձնական տուն, 5 ալիւրի գործարաններ եւ մեծաքանակ անշարժ գոյքեր։

Եղեռնի արիւնոտ օրերուն ընտանիքը հանգրուանած է Սթամպուլ, ուր պարտադրուած յարմարած են թրքական հանրապետութեան առաջադրած նոր կենսակերպին ու օրէնքներուն։

Մարիամը սկսած է յաճախել տեղի հայկական Եսայեան Սանուց վարժարանը։

Մարիամ Շահինեանի հայրը՝ Միհրանը, չափազանց հետաքրքրուած էր լուսանկարչութեամբ։

1933 թուականին, ան սկսած է աշխատիլ Սթանպուլի Բերա թաղամասի «Ֆոթօ Կալաթասարայ» լուսանկարչատան մէջ։

1936-ին, Մարիամի մայրը՝ Տիգրանուհին, յանկարծակի մահացած է, ընտանիքը նիւթական դժուար վիճակի մէջ ձգելով։ Այս պայմաններով առաջնորդուած, Մարիամը ստիպուած ֆրանսական դպրոցը ձգած եւ սկսած է հօր հետեւիլ, որպէս անոր սթուտիայի գործերուն օգնական։

1937-ին, ան սկսած է սթուտիան ինքնուրոյն ղեկավարել եւ այդպէս ալ շարունակած է մինչեւ 1985 թուական։

Ան մահացած է 1996 թուականին, Սթանպուլի իր տան մէջ ու թաղուած է Շիշլիի հայկական գերեզմանոցը:

Մարիամ Շահինեանի սեւ ու սպիտակ, ապակեայ նէկաթիվներով լուսանկարները, Թուրքիոյ վերջին ժամանակաշրջանի մեզի հասած ամբողջական եւ անթերի լուսանկարներու հազուագիւտ օրինակ է:

Շահինեանի Առաջին Աշխարհամարտի տարիներէն մնացած տեսախցիկով նկարուած, մօտ 200,000 լուսանկարներէ բաղկացած հարուստ այս արխիւը, իրականութեան մէջ պատմական այդ ժամանակաշրջանի Թուրքիոյ ընկերային բազմաբնոյթ ու գունաւոր հիւսուածքի իրաւացի վկան է։

Այնտեղ առկայ են յիշատակի համար նկարուող զինուորականներու, ընտանիքներու, կաթոլիկ կրօնաւորներու, օտար պաշտօնեաներու, հայ կղերականներու, կանանց, հրեայ մանուկներու, յոյն աղջիկներու, Պոլշէվիկեան Յեղափոխութենէն փախելով Սթանպուլ հաստատուած ռուսերու, օպերային երգիչներու, երաժիշտներու եւ այլ բազմաթիւ նկարներ։

Ուշադրութիւն դարձնելով յօդուածին հետ կցուած նկարներուն, որոնք Մարիամ Շահինեանի արխիւէն մնացած բազմաթիւ լուսանկարներու տարբեր օրինակներ են, պիտի նկատէք նկարուող կանանց զգեստներու ոճը, անոնց գլխարկները, նոյն տան մէջ բնակող կանանց, քոյրերուն, մանուկներուն, նոյնանման կտորներով պատրաստուած հագուստները. երեւոյթ մը որ հաւանաբար հաւասարութեան եւ ինչու չէ՝ նաեւ սիրոյ նշան էր այն ատեն…. իսկ այսօ՞ր։

Պէտք է նշել որ 1985-ին, Մարիամ Շահինեանը իր լուսանկարչատունը յանձնելէն ետք, անոր

“Foto Galatasaray”  լուսանկարչատան մէջ նկարած լուսանկարներու թանկարժէք այս արխիւը տեղափոխուեցաւ «Արաս» հրատարակչութեան տիրոջ՝ Եդուարդ Թովմասեանի պահեստ:

 

25 տարիներու սպասումէ ետք, թուրք հետազօտող Թայֆուն Սերթաշի ջանքերով կայացաւ Մարիամ Շահինեանի արխիւին մէջ գտնուող լուսանկարներու դասակարգման, մաքրման, թուայնացման, թուային վերականգնման և դասակարգման երկար աշխատանքը, որուն արդիւնքով կարելի եղաւ  լուսանկարները ցուցադրել  2012 թուականին, «Բաց արխիւ» նախագիծի շրջանակէն ներս։

Վերջապէս, 2016 թուականին, “Aras” հրատարակչութիւնը լոյս ընծայեց Թայֆուն Սէրթաշի “Foto Galatasaray” գիրքը, որուն մէջ զետեղուած են Մարիամ Շահինեանի լուսանկարչական արխիւէն մօտ հազար լուսանկար։