7 Ապրիլ 2020 թ.
Թիւ՝ 1-35
«Այստեղ, աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք, սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»:
Յովհ․ ԺԶ 33
Քրիստոս Յարեաւ ի մեռելոց
Բարին Աստուած ստեղծեց երեւելի եւ աներեւոյթ ամէն ինչ, իսկ Իր Պատկերով եւ Նմանութեամբ անգոյութենէ կեանքի կոչեց մարդուն (Ծննդ․ Ա 26-27, Թ 6 ), որ Իր Սէրը վայելէ եւ բարիքն աւելցնելով գործակցի իր Արարչին (Ա Կորնթ․Գ 9 ), Ով ինքն է Կեանքը (Յովհ․ ԺԱ 25 ) եւ կենդանութեան Աղբիւրը (Սղմ․ԼԵ 10, Յովհ․Ա 4, Գործք ԺԷ 25 )։
«Մարդը պատիւ ունէր եւ չհասկացաւ» (Սղմ․ԽԸ 13,21) եւ պատուիրանազանցութեամբ Հայրական ունեցուածքէն բաժին պահանջելով (Ղուկ․ ԺԵ 12)՝ լքեց կեանքի Աղբիւրին եւ վանեց իրմէ ․Եւ «այն պատուիրանը, որ կեանքի համար էր», «մահուան պատճառ եղաւ» (Հռոմ․ Է 10 ), որովհետեւ «մեղքը, օգտագործելով ինչ որ բարի է», «մահ պատճառեց» (Հռոմ․ Է 13 )։ «Ինչպէս որ մէկ մարդով մեղքը աշխարհ մտաւ, եւ մեղքով ալ՝ մահը, այնպէս ալ բոլոր մարդկանց մէջ տարածուեցաւ մահը, որովհետեւ բոլորն ալ մեղանչեցին» (Հռոմ․ Ե 12)։
Աստուած երկնքէն նայեցաւ բոլոր մարդկանց որդիներուն՝ տեսնելու, թէ կա՞յ իմաստուն մը, որ Աստծուն կը փնտռէ: Բոլորը միասին խոտորեցան: Բարութիւն ընող չկայ, չկայ նոյնիսկ մէկ հոգի» (Սղմ․ԾԲ 2-4, ԺԳ 1-3 ) եւ չի հասկցան, որ անօրինութիւն կը գործեն (Սղմ․ԾԲ 5, ԺԳ 1-3 ): Այսուհանդերձ, Մարդասէրն Իր ապրեցնող Սէրէն մեզի, որ չարիք գործելէն չենք ձանձրանար (Սղմ․ԼԵ 5 ), ամբողջովին չզրկեց՝ Իր Լիութենէն յագեցնելով եւ Իր Գրգանքի գետերէն ըմպել տալով (Սղմ․ԼԵ 9 ), որ փնտռենք Իրեն եւ, մեղքի պատճառով ապակողմնորոշուած, խարխափելով թերեւս գտնենք մեր Փրկութեանը։
Արարիչ Աստուծոյ մեր հանդէպ ունեցած Ծնողական Սէրը (Ես․ԿԶ 13) մարդկութեան անխուսափելի կործանումը կանխելու նպատակով Իր Միածին Որդուն պատարագուելու տուաւ մեր փրկութեան համար։
«Աստուած Իր Սէրը մեր հանդէպ յայտնեց անորմով, որ, մինչդեռ մեղաւոր էինք, Քրիստոս մեզի համար մեռաւ» եւ հրաշափառապէս Յարութիւն առաւ, որ Իրեն հաւատացողներուս կեանքն առատանայ (Յովհ․Ժ 10), եւ մեր քաղցած հոգիները յագենան, իսկ կարօտեալ մեր անձերը բարութեամբ լիանան (Սղմ․ՃԶ 9)։
Փառք Յարութեան Քո Տէր․ Խաւարում եւ մահուան ստուերներու մէջ գամուած եւ անօգնական նստած էինք (Սղմ․ ՃԶ 10 ), սիրեցիր մեզի եւ արձակեցիր մեր մեղքերու կապանքները Քու Սուրբ Արեամբ (Յայտն․ Ա 5 ), դառնացուցինք Քու Ապրեցնող Խօսքը եւ Բարձրեալիդ Խորհուրդներն անարգեցինք (Սղմ․ ՃԶ 11), բայց Դուն հաւատարիմ մնացիր նոյնիսկ մեր անհաւատարմութեան ժամանակ (Բ Տիմ․Բ 13), Սուրբ Յարութեամբդ փաստեցիր Աստուածութիւնդ եւ Ամէնազօրութիւնդ (Հռոմ․ Ա 4), հեռաւորներուս եւ օտարներուս Քեզի ընտանի դարձուցիր ( Եփես․ Բ 19)եւ հաւատացուցիր, որ Խոստացածդ կատարելու կարող ես (Հռոմ․ Դ 21)։
Աստուծոյ Ապրեցնող Սրբազան Խօսքը «հոգի է եւ կեանք» (Յովհ․ Զ 64) եւ յաւիտեան կը մնայ (Ես․ Խ 8, Մատթ․ ԻԴ 35)։
Տեւական ժամանակ է, որ մարդկութիւնն անհաւասար պայքար կը մղէ համաճարակի դէմ՝ օգտագործելով իր գիտական առկայ նուաճումներն եւ հիմնախնդիրը լուծելու համար նոր ուսումնասիրութիւններ իրականացնելով, սակայն անգիտանալով, որ Աստուած է մեր միակ Տէրն ու Փրկիչը․ Անոր շնորհիւ կանք (Սղմ․ՂԹ 3) եւ Անորն ենք․
Տերունական Խօսքը կը բուժէ ամէն ինչ (Իմաստ. ԺԶ 12), «Ան մեր հիւանդութիւններն Իր վրայ վերցուց եւ մեր ցաւերը կրեց»: (Մատթ․ Ը 17) եւ Իր «վէրքերով մենք բժշկուեցանք» (Ես. ԾԳ 4-5, Ա Պետ․ Բ 24)։
«Սիրելինե՛ր, տարօրինակ մի՛ համարէք այն այրող նեղութիւնը, որ ձեզի փորձելու համար է, որպէս թէ տարօրինակ բան մը պատահած ըլլար ձեզի: Այլ, որպէս Քրիստոսի չարչարանքներուն մասնակիցներ, ուրա՛խ եղէք, որպէսզի Անոր փառքի յայտնութեան ժամանակ ալ ցնծաք եւ ուրախանաք»,- կը յուշէ Սբ․ Պետրոս Առաքեալը (Ա Պետ․ Դ 12-13)։
«Այստեղ, աշխարհի մէջ նեղութիւն պիտի ունենաք», կը զգուշացնէ Տէրը,- «սակայն քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ ես յաղթեցի աշխարհին»(Յովհ․ ԺԶ 33)։ « Եւ ա՛յս է այն յաղթութիւնը, որ կը յաղթէ աշխարհին՝ մեր հաւատը: Եւ ո՞վ է, որ կը յաղթէ աշխարհին, եթէ ոչ ան, ով կը հաւատայ, որ Յիսուսն է Աստուծոյ Որդին» (Ա Յովհ․ Ե 4-5)։ Անոր Փառք յաւիտեան անդադար․ Ամէն։
Մեր աղօթքն է որ Բարին Աստուած Գանատահայութեանը կենաց արևշատութիւն պարգևէ, պահէ պահպանէ երեւելի եւ աներեւոյթ փորձութիւններէ և զօրավիգ ըլլայ` ազգաշահ առաքելութիւնն իրագործելու գործունէութեանը:
Տիրոջ օրհնութեամբ՝ թող Սրբագործ Կրակը լուսաւորէ Ձեզ եւ Ձեր ընտանեկան յարկերը։
Աղօթքով եւ օրհնութեամբ՝
Առաջնորդ Գանատահայոց Թեմի