Սեպտեմբեր 11-ին ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի 69-րդ նիստը միաձայնութեամբ որդեգրեց Հայաստանի կողմէ առաջարկուած բանաձեւ մը՝ «Ցեղասպանութեան Ոճիրի զոհերու Արժանապատուութեան Յիշատակումի Օր եւ այդ Ոճիրի Կանխարգելում» անունով: Այս բանաձեւը կը յաջորդէ Մարտ 2015-ին, ՄԱԿ-ի Մարդկային Իրաւունքներու Յանձնաժողովին կողմէ ներկայացուած բանաձեւին, նոյնպէս առաջարկուած Հայաստանի կողմէ, որ կը յանձնարարէ Ընդհանուր ժողովին հռչակել որդեգրուած բանաձեւը:
ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի Դեսպան Զօհրապ Մնացականեան ներկայացուց բանաձեւը յանուն 84 երաշխաւոր երկիրներու եւ նշեց թէ՝ «Միլիոնաւոր մարդկային զոհեր յառաջացած են որպէս հետեւանք այս ամենազարհուրելի ոճիրին՝ ցեղասպանութեան, որ մարդկութեան կողմէ գործադրուելու ամօթը կը հաստատէ: Կը հաւատանք թէ Միջազգային Օրը պիտի ծառայէ որպէս կանխարգիլում՝ յիշատակութեան ճամբով» ըսած է Հայաստանի Մնայուն Ներկայացուցիչը:
Դեկտեմբեր 9-ը այն թուականն է երբ 1948-ին որդեգրուեցաւ «Կանխարգիլում եւ Պատիժ Ցեղասպանութեան Ոճիրի Համար» համաձայնութիւնը: Վերահաստատելով կարեւորութիւնը 1948-ի այս համաձայնութեան, կոչ ուղղուած կըլլայ զոհերու յիշատակումին, որ կարեւոր դեր կը կատարէ ցեղասպանութիւններու կանխարգելումին: Ան կը յիշեցնէ իւրաքանչիւր պետութեան պարտաւորութիւնը պաշտպանելու իր ժողովուրդը ցեղասպանութեան դէմ եւ պայքարելու ցեղասպանութեան անպատժելիութեան դէմ: Ան կը քաջալերէ նաեւ պետութիւնները, միջազգային կազմակերպութիւնները, ընկերային հաստատութիւնները եւ անհատները, նշելու վերոյիշեալ Դեկտեմբեր 9 Միջազգային Օրը գիտակցելու համար 1948-ի համաձայնութիւնը եւ անոր դերը՝ պայքարելու եւ կանխարգիլելու ցեղասպանութիւնները, ինչպէս նաեւ յիշատակելու եւ պատուելու անոր զոհերը:
Հայաստանի դեսպանը նաեւ շեշտեց թէ արդարութեան ժխտումը կը հալածէ վերապրողներուն յաջորդող սերունդները, կը դժուարացնէ անպատժելիութեան դէմ պայքարը ինչպէս նաեւ հաշտուելու կարելիութիւնները: Ան նաեւ շեշտեց ՄԱԿ-ի անդամ պետութիւններու հաւաքական պատասխանատուութիւնը կանխարգիլելու ցեղասպանութեան ոճիրը: «Այս պիտի հանդիսանայ նաեւ ամենապատշաճ միջոցը յարգելու զոհերուն յիշատակը» եզրակացուց Դեսպան Մնացականեան: