UNESCO-ն Նկարչական Մրցոյթ Կ՝իրականացնէ 6-12 Տարեկաններու Համար

UNESCO-ն 6-12 տարեկանները կը հրաւիրէ մասնակցելու նկարչական մրցոյթի մը։ Այս մասին ԵՌԱԳՈՅՆ-ին կը յայտնեն ՀՀ կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութենէն;

«Մինչեւ Մայիս 17, փոքրիկները կրնան նկարել UNESCO-ի Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած այն յուշարձանները, որոնք կարեւոր են իրենց համար: Նկարին մէջ կրնան պատկերուած ըլլալ Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած ինչպէս իրենց հայրենիքի մշակութային վայրերը, այնպէս ալ որեւէ այլ երկրի։ UNESCO-ի կայքին մէջ կարելի է ուսումնասիրել Համաշխարհային ժառանգութեան ցանկին մէջ ընդգրկուած մշակութային վայրերը։ (http://whc.unesco.org/en/list/)

Ընտրուած նկարները UNESCO-ն պիտի տեղադրէ իր կայքին մէջ։

Արձանագրութիւնները կը պահանջեն ծնողի համաձայնութիւնը եւ պէտք է տարածուին իրենց Instagram-ի էջին միջոցով՝ մասնակցող երեխայի անունով։ Հրապարկումը պէտք է ըլլայ «Հանրային», որպէսզի անոնք տեսանելի ըլլան UNESCO-ի համար:

Հայաստանէն ցանկին մէջ արձանագրուած են հետեւեալ վայրերը՝ https://whc.unesco.org/en/statesparties/am
• «Հաղպատի եւ Սանահինի վանքերը» (1996 թ., 2000 թ.),
• «Էջմիածնի Մայր տաճարը եւ եկեղեցիները (Սբ. Հռիփսիմէ, Սբ. Գայիանէ, Սբ.Շողակաթ) եւ Զուարթնոցի տաճարի հնաւայրը» (2000 թ.),
• «Գեղարդի վանքը եւ Ազատ գետի վերին հովիտը» (2000 թ.):

Ինչպէ՞ս մասնակցիլ.

1.Հետեւիլ/ Follow UNESCO-ի Instagram-եան էջին;
2. «Like» ընել UNESCO-ի Փոքրիկ նկարիչներու ցուցահանդէսին վերաբերեալ գրառումը:
3. Հրապարակել նկարը եւ կարճ նկարագիրը Instagram-ի վրայ՝ ներառելով նկարիչին անունը, տարիքը եւ երկիրը օգտագործելով #ShareOurHeritage hashtag-ը եւ նշելով @unesco էջը։
4. Instagram-ի պատմութիւն/ Instagram story հատուածին մէջ կիսուիլ/ Share
UNESCO-ի Փոքրիկ նկարիչներու ցուցահանդէսին վերաբերեալ գրառումով՝ #ShareOurHerading hashtag-ով եւ նշել @unesco էջը։
Յոյսով ենք, որ այս նախաձեռնութեան շնորհիւ երեխաները պիտի կարենան արտայայտել իրենց ստեղծագործ միտքը այս դժուար պահուն, ինչպէս նաեւ աւելի խոր գիտելիքներ ձեռք պիտի բերեն աշխարհի մշակութային ժառանգութեան վայրերու մասին:
Տեղեկացնենք նաեւ, որ UNESCO-ի կայքին մէջ ստեղծուած է «Փաթրիմոնիթոյի համաշխարհային ժառանգութեան արկածները» (https://whc.unesco.org/en/patrimonito/) վերնագիրով երիտասարդ հանդիսատեսի համար շարժանկար՝ Համաշխարհային ժառանգութեան վայրերու մասին»,- ըսուած է ՀՀ ԿԳՄՄ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ: