Վերջերս Երեւանի աւագանիի նիստի օրակարգային հարցերուն կարգին էր նաեւ «Մահաթմա Կանտիի արձանի տեղադրման համաձայնութիւն տալու մասին» նախագիծը:
«Տալ համաձայնութիւն՝ Մահաթմա Կանտիի արձանը Երեւան քաղաքի Հալապեան եւ Մարգարեան փողոցներու միջանկեալ զբօսայգիի տարածքին տեղադրելու համար»,- ըսուած է նախագիծին մէջ։
Կը նշուի, որ որոշումը ընդունելու համար հիմք կը հանդիսանայ Երեւանի քաղաքապետին ուղղուած ՀՀ արտաքին գործոց նախարարութեան գրութիւնը, որուն մէջ կ’առաջարկուի Հնդկաստանի հոգեւոր առաջնորդ, համաշխարհային պատմութեան ականաւոր քաղաքական գործիչ եւ փիլիսոփայ Մահաթմա Կանտիի 150-ամեակին կապակցութեամբ Երեւանի մէջ տեղադրել իր արձանը, անով իսկ ամրապնդելով եւ խորացնելով Հայաստանի եւ Հնդկաստանի միջեւ բարեկամական յարաբերութիւնները:
Գրութեան մեջ նաեւ կը նշուի, որ հնդկական կողմը կը տրամադրէ արձանը, ինչպէս նաեւ կը հոգայ արձանի Երեւան տեղափոխման, պատուանդանի կառուցման եւ տեղադրման հետ կապուած բոլոր ծախսերը: