Nayiri.com-ը թողարկած է Գերմաներէն-Հայերէն բառարան

“Եռագոյն” կայքը կը տեղեկանայ, որ Nayiri.com-ը ընդառաջելով Գերմանիոյ հայ համայնքին առաջարկին եւ հեղինակին ցանկութեան, այսօր թողարկած է Լեւոն Թորոսեանին «Ընդարձակ Բառարան Գերմաներէնէ-Հայերէն» ծաւալուն աշխատութիւնը, որ լոյս տեսաւ 2018 թուականին՝ Վիեննայի մէջ։

Բառայօդուածներուն բացատրութիւնները տրուած են թէ՛ արեւմտահայերէն եւ թէ՛ արեւելահայերէն՝ երկու ուղղագրութիւններով, այսպիսով մատչելի ըլլալով թէ՛ «հին» եւ թէ՛ ալ «նոր» սփիւռքին, ինչպէս նաեւ Հայաստանաբնակ հանրութեան համար։

Բառարանը ունի 85,000-է աւելի գլխաբառ, եւ ճոխ է նորաբանութիւններով. օրինակի համար՝ detox, Emoji, E-Reader, Flashmob, Hipster, Know-how, Selfie, Selfiestick, Windfarm, Workshop, Yoga. յապաւումներով՝ EU, NATO, WHO, WTO, եւ այլն. համակարգչային եզրերով՝ App, Byte, Debugging, Hyperlink, OCR, Open Source, URL, Wiki եւ այլն. ինչպէս նաեւ միջազգային եզրերով (անգլերէնէ, լատիներէնէ, ֆրանսերէնէ եւ իտալերէնէ)՝ en masse, Haute Couture, grosso modo, Deus ex Machina, eo ipso, ex ante, եւ այլն։ Աշխատութեան երկրորդ մասն ալ Աշխարհագրական Անուններու բառարան մը կը պարունակէ։

Բառարանին պատկերահանուած տարբերակը որոնելի է գլխաբառերով եւ հասանելի է հետեւեալ հասցէով՝ http://www.nayiri.com/imagedDictionaryBrowser.jsp?dictionaryId=132

Nayiri.com-ը շնորհակալութիւն կը յայտնէ պարոն Թորոսեանին՝ իր յոգնաջան աշխատութիւնը տրամադրելու համար, ինչպէս նաեւ «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան՝ բառարանին առցանց տարբերակը հասանելի դարձնելու համար։