Տասնիններորդ դարը պատմութեան այն ժամանակաշրջանն է ուր մարդկութիւնը իր նոր գաղափարներով ամբողջովին յեղաշրջեց կեանքի ապրելաձեւը փոխեելով մարդկութեան հայացքները դէպի աշխարհը: Այսպիսով նոր գաղաբարներ յառաջացան գիտութեան, փլիսոփայութեան, կրօնի, հոգեբանութեան ու ընկերաբանութեան միջոցով ու ի յայտ եկաւ ժամանակակից աշխարհը:
Իրապաշտ այս գաղաբարախօսութեամբ, Միքայէլ Նալբանդեանը (1829-1866) դարձաւ տասնիններորդ դարու երկրորդ կէսին մեր գրականութեան ազատութիւն ջատագովող բանաստեղծը. յատկապէս ան հանդէս եկաւ իր «Ազատութիւն», «Մանկութեան օրեր» ու «Ապոլոնին» բանաստեղծութիւններով որոնց կողքին 1859ին (Դոնի Ռոստով քաղաքին մէջ) իր հետեւողութեամբ կը թարգմանէ իտալացի աղջկան երգը (Canzone della ragazza italiana) որպէս ազգային ազատագրական պայքարի գաղաբարներու արտացոլում: Վերջինս 1861ին Կոմս Էմանուէլ ծածկանունով կը հրատարակէ «Հիւսիւսափայլ» (Մոսկուա) ամսագրին եւ «Մեղու» (Պոլիս) պարբերականին մէջ: 1885 Մարտ 15ին առաջին անգամ երգուած է Թիֆլիսի Արծրունի թատերասրահին մէջ տեղի ունեցած հայկական առաջին քառաձայն համերգի ընթացքին Քրիստափոր Կարա-Մուրզայի ղեկավարութեամբ: Յայտագրին մէջ ներկայացուած է «Երգ Իտալուհւոյս» Կոմս Էմմանուէլի խորագրով:
«Իտալացի աղջկա երգը»ի խօսքերը քանիցս, վերամշակուած են ու 1919ին ՝ «Հայ օրիորդի երգը, Մեր Հայրենիք» խորագրով հրատարակուած է Փարիզի մէջ որպէս Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան 1918-1921 օրհներգ,* որուն եղանակը մեզ հասած է բանաւոր աւանդութեամբ:
«Հայ Օրիորդի երգը, Մեր Հայրենիքի եղանակով», Հրատարակուած Փարիզ 1919:
Հայաստանի Սովետական կարգերու հաստատումէն քսաներեք տարիներ ետք 1944ին կը ձեւաւորուի Սովետական Հայաստանի Պետական Օրհներգը 1944-1991 Սարմենի (Արմենակ Սարգսեան) խօսքերով, որը մեզ յայտնի պատճառներով 1953էն վերջ որոշ խմբագրական փոփոխութիւններ կը կրէ: Երաժշտական յօրինումը կատարած է Արամ Խաչատուրեանը օգտագործելով 1942ին յօրինած Գայանէ պալէի երրորդ արարի հատուածներէն մէկուն երաժշտութիւնը: սակայն երբ նիւթը ուսումնասիրենք այնտեղ կան դրական եւ բացասական հայ կերպարներ, որոնց կողքին մեզ հասկնալի ոչ հայ եղբայր ժողովուրդներ:*
*Գեորգի Խուբով, Արամ Խաչատրեան Մենագրութիւն, Երեւան 1977 էջ 262-267 :
1991ին Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան, Գերագոյն Խորհուրդը Յուլիս 1ին «Մեր Հայրենիքը» կը հաստատէ որպէս պետական օրհներգ բանաստեղծական որոշ փոփոխութիւններով:
Այս երեք ժամանակաշրջաններու Օրհներգներն ալ ի հարկէ որոշ չափով պատշաճեցուած են առօրեայի գաղաբարախօսութեան պահանջներուն:
«Իտալացի աղջկա երգի» խօսքերը, իտալուհիին հայրենիքի ազատագրման պայքարի ներքին զգացումներու արտացոլումն է եղած: Միքայէլ Նալբանդեանը ականատես ըլլալով այդ նոյն ժամանակաշրջանին մեր ժղովուրդի նկատմամբ գործադրուող ճնշումներուն,* զուգահեռ է անցուցած տուեալ երգի բովանդակութիւնը իր զգացումներուն:
*1828ին Արեւելեան Հայաստանի տարածութիւնը մաս կազմած է Ցարական Ռուսաստանի իշխանութեան որպէս միաւոր Մարզ:
Ինչպէս վերը նշուած է, ժամանակի ընթացքին խօսքերը վերամշակուելով այնտեղ չկայ անհատի պաշտամունքի նշոյլ սակայն որպէս խաղաղասէր երկիր նշուելու չէ «թշնամի» բառը. տեսականօրէն երկիր մը թշնամի չ’ունենար: *
*Որպէս պատմական տուեալ Ռուս երաժիշտ Ալեքսանդր Կլազունով (1866-1936) Պետերպուրկի Երաժշտանոցի դասախօս ապա տնօրէն իր «Raymonda» պալէի յօրինումին 1896-1897 երրորդ գործողութեան մէջ օգտագործած է մեր Հայրենիքի եղանակը որը հրատարակուած ու բեմադրոգած է 1898ին: Կլազունով ժամանակակիցը Ռիմսկի Կորսակովին, Իպոլիտով-Իվանովին բացառուած չէ որ հայ ուսանողներու միջոցով մօտէն ծանօթացած չըլլար հայկական երգերուն: Միխաիլ Իպոլիտով-Իվանովը իր «Caucasian Sketches» ին մէջ (Կովկասեան Պատկերներ) օգտագործած է Զէյթունցիներու քայլերգը: Այդ շրջանի ժամանակակից եղած է նաեւ Մակար Եկմալեանը որպէս Պետերպուրկի եարաժշտանոցի ուսանող ապա Թիֆլիսի Ռուսական արքայական երաժշտական ընկերութեան ուսումնարանի տնօրէն:
Գալով Հայաստանի երկրորդ Հանրապետութեան Օրհներգին, խօսքերու երկու տարբերակներուն մէջ ալ շեշտուած է անհատի պաշտամունքը: Ինչ խօսք երաժշտութեան՝ թէկուզ յաղթական ու վեհ, կակառոյցով պիտի չտարբերուեր յարակից հանրապետութիւններու օրհներգներէն: Ի հարկէ որոշումին որդեգրումը կը մնար այդ օրերու կեդրոնական գերագոյն մարմիններուն:
Մինչեւ օրս ալ կան դեր ու դէմ կարծիքներ խօսքերը վերամշակելով երաժշտութիւնը պահպանե՞լ որպէս Հայաստանի երրորդ Հանրապետութեան Օրհներգ:
Վերջնական այդ որոշում կայացնելը կը մնայ երկրի Պետական Մարմիններուն ու Ժողովուրդին:
Սամուէլ Քէօշկէրեան