ՉՈՐՍ ԵՐԳԻՉՆԵՐ ՉՈՐՍ ԼԵԶՈՒՆԵՐՈՎ ՄԵԿՆԱԲԱՆԵՑԻՆ ԱՐԱ ՏԻՆՔՃԵԱՆԻ « ՔԱՆԻ ԼԱՆՔ » ԵՐԳԸ

      Յարութիւն Դերձակեան

 

Հանրածանօթ Ամերիկահայ յայտնի երաժիշտ ուտահար Արա Տինքճեանի սիրուած « Փիքչըր » – Քանի Լանք –  անունով հրաշալի յօրինումը վերամշակուած ձեւով  կեանքի կոչուեցաւ « Քարտէշ Թիւրքիւլեր » երաժշտական խումբի նախաձեռնութեամբ։ Տարբեր երկիրներէ չորս արուեստագէտներ իրենց լեզուներով մեկնաբանեցին Արա Տինքճեանի այս ստեղծագործութիւնը, որ արձանագրուեցաւ առցանց հարթակի վրայ։

Այս երգին իրենց մասնակցութիւնը բերին Ամերիկայէն իր նուագով Արա Տինքճեան, Յունաստանէն Էլէֆթէրիա Արվանիթաքի, Իսրաէլէն Եոավ Իցհաք, Իսթանպուլէն « Քարտէշ Թիւրքիւլեր » եւ Մարալ Այվազ։ Երգին հայերէն բաժինը մեկնաբանեց քաջածանօթ մեներգչուհի Մարալ Այվազ, որ վերջին շրջանին իր թաւշային ու տպաւորիչ ձայնով աստղը փայլեցաւ երաժշտական աշխարհէ ներս։ Վերջերս ան իր անդրանիկ բացառիկ համերգը սարքեց Պոլսահայ երաժշտասէրներուն, որ արժանացաւ բարձր գնահատանքի։ Երգին հայերէն բառերը գրի առնուած է իր կողմէ «Անվերջ խաւար » անունով։ Ան այս երգը ձօնած է պատերազմներու ընթացքին զոհ գացած մանուկներու եւ իրենց մայրերուն։

Համացանցի եւ Եու Թիւպի վրայ դրուած այս վիտէօ-ն կարճ ժամանակի մէջ լայն արձագանգ գտաւ զանազան երկիրներու մէջ։ Քորոնաժահրի այս դժուար օրերուն « Քարտէշ Թիւրքիւլեր » երաժշտական խումբը կարողացաւ քով քովի բերել այս արուեստագէտները։ Երգը կարելի է ունկնդրել հետեւեալ կայքէն։

https://youtu.be/wtXk4h22KlI