Սեւան Սեմէրճեան
Սկսնակներու համար պատրաստուած երաժշտական դասագիրքերուն մէջ ընդունուած է յաճախ մէկ կամ առաւելագոյնը երկտողանի ժողովրդական գործեր դնել նուագող մանուկներուն համար, ի միտի ունենալով որ տուեալ ազգի ժողովրդական երաժշտութիւնը՝ որպէս հոգեհարազատ մեղեդի, աւելի հեշտ պիտի ըլլայ ընկալել եւ բնականաբար կատարել այդ մանուկին կողմէն…
Մեր՝ հայկական երաժշտական դասագիրքերու պարագային, բացէ՛ք անոնցմէ որեւէ մէկը եւ դուք անկասկած, անպայմանօրէն պիտի հանդիպիք «Համբարձում Եայլա» եւ «Ամպի Տակից» երգերուն….
«Համբարձում Եայլա», «Ամպի Տակից», «Ասում են Ուռին», «Բարձր Սարեր»… «Անուշ» օփերայէն, հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի, հայ ժողովուրդի ենթագիտակցութեան եւ իրակա՛ն կենցաղին մէջ դրոշմուած ժողովրդական ամենահայ, ամենամաքուր եւ ամենադիպուկ ժողովրդական մեղեդիները…
Այո՛, անոր անունը առ յաւերժ ոսկետառ գրուած կը մնայ հայ երաժշտութեան մատեանին մէջ, որպէս հայկական առաջին ազգային օփերայի հիմնադիր. Արմէն Տիգրանեան։
Ահա այս բոլորին բու՜ն ակունքը…
Շատ գեղեցիկ ձայն ունեցած է Արմէն Տիգրանեանի մայրը, միշտ սիրով երգած է մեր ժողովրդական, աշուղական եւ հայրենասիրական երգերը եւ կասկած չիկայ որ Տիգրանեանի ծննդավայրը, Ալեքսանդրապոլը, այսօրուան Գիւմրին՝ ընդհանրապէս արուեստի եւ յատկապէս երաժշտական իր հարուստ միջավայրով մեծապէս նպաստած է Արմէնին երաժշտական ընդունակութիւններուն զարգացումին։
Ընտանիքին հետ Թիֆլիս տեղափոխուած Տիգրանեանը, այնտեղ առաջին անգամ օփերա գացած եւ ունկնդրած է Թիֆլիս ժամանող ռուս եւ օտար ականաւոր երգիչներու կատարումները։
Մէկ այլ երախտաւորէ՝ Մակար Եկմալեանէն երաժշտութեան դասեր առած եւ հմտացած Տիգրանեանը, Ալեքսանդրապոլ վերադարձած ու սկսած է մանկավարժական եւ երաժշտա-հասարակական գործունէութիւնը. երգեցողութեան դասեր տուած է, դպրոցական եւ ժողովրդական քառաձայն երգչախումբեր հիմնած, համերգներ կազմակերպած ու արուեստի տարբեր հարցերու նուիրուած յօդուածներ հրապարակած է…
Առանձնապէս յիշարժան է Տիգրանեանի փորձը հայ երգերու հաւաքման եւ մշակման գործին մէջ։ Այդ տարիներուն, իր կազմակերպած համերգներու ընթացքին, ան նաեւ հնչեցուցած է ի՛ր գրած երգերն ու ռոմանսները, որոնց մէջէն յատկապէս լայն տարածում գտած են Աւետիք Իսահակեանի խօսքերով գրուած երգերը՝ «Հովերն Առան», «Ախ Իմ Ճամբէն», «Սեւ Աչերէն Շատ Վախեցիր» եւ այլք։
Իսկ ինչպէ՞ս ծնած էր «Անուշ»ը…
Այս մասին Տիգրանեան գրած է. «Հայկական օփերա գրելու միտքը շատոնց զիս զբաղեցուցած էր, բայց նիւթերը, որոնք մտածած էի մշակել, զիս չէին ոգեւորած հարկ եղած ձեւով… Յովհաննէս Թումանեանի «Անուշ»ի թեման զիս ամբողջապէս յափշտակեց. պոեմի կառուցուածքը, հիանալի նախերգանքը, բերիներուն վիշտը, սիրահարներուն անձնուրաց սէրը, Սարոյին սիրերգը եւ … այս բոլորը կը պահանջէր սքանչելի այդ պոեմին երաժշտական ձեւ մը տալ՝ վերածել օփերայի»։
Հայկական օփերային թատրոն չիկար այդ տարիներուն, ուրեմն հեղինակը ստիպուած էր երաժշտական կրթութիւն չունեցող, ոչ արհեստավարժ երգիչներ հրաւիրել…
Տիգրանեանի յամառ ջանքերուն շնորհիւ, 1912 թուականին, Գիւմրիի մէջ առաջին անգամ ըլլալով բեմադրուեցաւ «Անուշ» օփերան. Սարոյի դերակատարը Շարա Տալեանն էր, իսկ Անուշինը՝ Աստղիկ Մարիկեանը։
Առաջին ներկայացման ականատես՝ գրախօս Ալեքսանդր Շահվերտեանը, ծանօթ ըլլալով օփերայի բեմադրման դժուարութիւններուն, շատ դիպուկ նկարագրութիւն մը արձանագրած է. «1912 թուականին, Ալեքսանդրապոլի մէջ բեմադրուեցաւ «Անուշ»ը , Արմէն Տիգրանեանի ստեղծած սիրողական երգիչներու խումբով. յիրաւի ցնցոտիներու մէջ ծնաւ հայկական առաջին օփերան։ Բաւական է ըսել որ նուագախումբը կազմուած էր միայն 12 երաժիշտներէ։ Թէ՛ երգչախումբը, թէ՛ մենակատարները մեծ մասամբ դպրոցականներ էին, որոնք, ճիշդ է, անկեղծ ջանասիրութեամբ մը կ’երգէին, բայց բնականաբար զուրկ էին մասնագիտական վարպետութենէն ու բեմական անհրաժեշտ փորձառութենէն… շէնքի անյարմարութիւն, միջոցներու ծայրայեղ սահմանափակութիւն, հագուստներու եւ տէքորներու աղքատութիւն. ահա այսպիսի պայմաններու մէջ իրականացաւ «Անուշ»ի առաջին բեմադրութիւնը եւ այդուհանդերձ ներկայացումը աննախադէպ յաջողութիւն ունեցաւ…»։
Մինչեւ Անուշի ստեղծումը, արդէն գոյութիւն ունէր Տիգրան Չուխաճեանի «Արշակ Երկրորդ» օփերան, որ հայ ժողովուրդի պատմութենէն առնուած ու լիովին համաշխարհային մեծ օփերայի մը սկզբունքներով կառուցուած ըլլալով հանդերձ, «Անուշ»ի համբաւը չէր վայելած։
Ինչու՞…
Որովհետեւ այնտեղ դեռեւս պակաս էր մեր՝ հայկական ազգային շունչը, ազգային միտքն ու մտածելակերպը, ազգային հաւատամքն ու աւանդոյթը, ոգի՜ն, որմով պէտք է առանձնանար հայկական օփերային արուեստը։
Արմէն Տիգրանեանի «Անուշ»ը հիմնովի՛ն լուծեց այդ խնդիրը։
Այնքա՜ն անհրաժեշտ է ընդգծել որ օփերային մէջ փոխ առնուած որեւէ ժողովրդական ծանօթ մեղեդի մը չըլլալով հանդերձ, «Անուշ»ը դարձաւ հայկական առաջին ազգային ժողովրդական օփերան, քանի որ ո՛չ թէ յօրինուած, այլ՝ իրո՛ք հեղինակի հոգիէն բխած անկեղծ ստեղծագործութիւն էր եւ այդ պատճառով ալ ժողովրդական էր։
Ինչքա՜ն հայկական օփերաներ գրուեցան անկէ վերջ, որմէկը՞ կրցաւ փոխարինել «Անուշ»ը, կամ գոնէ՜՜՜ անոր իրակա՛ն ժողովրդականութիւնը վայելել…
Անշուշտ, առաջին բեմադրութենէն վերջ, յետագայ 30 տարիներու ընթացքին, երաժշտահանը անդրադարձած է «Անուշ» օփերային, որոշ փոփոխութիւններ ու յաւելումներ կատարած ու վերանայած է գործիքաւորումին…
Վերանայուած տարբերակով «Անուշ»ը վերստին բեմադրուած է Երեւանի Օփերայի եւ Պալէթի Պետական Թատրոնին մէջ 1930-ական թուականներուն եւ նոյնպէս ունեցած է շռնդալից յաջողութիւն. այդ օրերը իր կեանքին ամենաուրախ օրերը համարած է Տիգրանեանը, քանի որ իր ստեղծագործութիւնը ներկայացուած ու գնահատուած էր ըստ արժանւոյն… միթէ պատահական է՞ որ այսօր, 100 տարի անց եւ աւելի, դեռեւս շնչող ու ապրող ստեղծագործութիւն է «Անուշ»ը, ո՛չ միայն մեր, այլեւ՝ օտար բեմերու վրայ։
Դեռեւս հանդիսատեսին խորունկ յուզմունքի առիթ է «Անուշ»ը, իր գեղեցիկ բովանդակութեամբ, անկեղծ զգացմունքայնութեամբ, հայկական ժողովրդական տօներու եւ ծէսերու վառ ու գունեղ տեսարաններով, քնարական երգերով, զուգերգերով ու խմբերգերով՝ իրոք ժողովուրդի՛նը դարձած մեղեդիներով….
«Անուշ»էն ետք, Տիգրանեանը գրած է բազմատեսակ ստեղծագործութիւններ, որոնց մէջէն չենք կրնար չնշել Րաֆֆիի համանուն վէպին հիման վրայ ստեղծած անոր երկրորդ՝ «Դաւիթ Բեկ» օփերան, որ իր վառ հայրենասիրութեամբ, գլխաւոր հերոսի վեհ կերպարով, նոր եւ կարեւոր խօսք էր այդ ժամանակի հայ երաժշտական իրականութեան մէջ։
Տիգրանեանը չհասցուց «Դաւիթ Բեկ»ի գործիքաւորումը աւարտել, բայց այնուամենայնիւ, անոր մահէն ետք, օփերան բեմադրուեցաւ եւ նոյնպէս ըստ արժանւոյն գնահատուեցաւ երաժշտասէր հասարակութեան կողմէն։
Հետաքրքրական է որ Տիգրանեանը մեղուաբուծութեամբ զբաղած ու տասնեա՜կ փեթակներ ունեցած է եւ առաւել հետաքրքրական է որ այսքա՜ն երգեր ստեղծող մարդը քչախօս եղած է եւ շատերո՜ւն թուած է որ ան երբեք չի խօսիր…
«Չի խօսիր, քանի որ մտքին մէջ միշտ կ’երգէ… բնական է Անուշի աննման մեղեդիները ստեղծողը, շատ պէտք է երգէր…»,- ըսած են մարդիկ։
«Մարդ որքան մօտ ըլլայ իր երկրին ու ժողովուրդին, որքան շատ խորանայ ժողովրդական ստեղծագործութեան մէջ, այնքան աւելի մեծ է ու համամարդկային». Տիգրանեանին մահէն դեռեւս տարիներ առաջ այսպէս բնորոշած է անոր Յովհաննէս Թումանեանը…
Ի՞նչ կը կարծէք…Մեծ Լոռեցիին այս գնահատականը չարդարացա՞ւ Տիգրանեանին անմահ գործով….