Ախալքալաքի շրջանի Պալխօ գիւղին մէջ խաչքար մը գտնուած է: Այս մասին կը տեղեկանանք Yerkir.am-էն։
Խաչքարը յայտնաբերուած է գիւղի վերջնամասը, դէպի Զակ տանող ճանապարհին, 14-ամեայ աղջիկներու կողմէ: Ըստ մասնագէտներու, գտնուածը տապանաքար մըն է:
Օրեր առաջ Պալխօ գիւղէն երկու աղջիկ նկատելով խաչքարը անմիջապէս տեղեկացուցած են իրենց ծնողները: Այնուհետեւ ծնողները խաչքարը զգուշութեամբ դուրս բերած են հողին տակէն:
Առաջին հայեացքով ան նման է 7-8-րդ դարերու խաչքարի, սակայն տակաւին լուրջ ուսումնասիրութեան կարիք ունի: