Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պատմող ֆիլմը՝ Թուրքիոյ մէջ արգիլուած ժապաւէններու առաջին հնգեակին մէջ

Թրքական Sondakika.com թերթը հրապարակած է այն ֆիլմերու անուններ, որոնք արգիլուած են լայն ցուցադրութեան համար Թուրքիոյ մէջ, սակայն զանոնք դիտելու համար թուրք հանդիսատեսը կը գտնէ արգելքը շրջացնելու միջոցներ եւ ժապաւէնները կը նայի կա՛մ համացանցի, կա՛մ յատուկ մասնաւոր հեռուստաալիքներով:

Արգիլուած ժապաւէններու հնգեակին մէջ յայտնուած է նաեւ «Արարատ»ը` գանատահայ բեմադրիչ Ատոմ Էկոյեանի ֆիլմը Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Ֆիլմը նկահարահանուած է 2002-ին, Թուրքիոյ մէջ մասնաւոր հեռուստաալիքով ցուցադրուած է` 2006-ին: Ժապաւէնին մէջ գլխաւոր դերերէն մէկը կատարած է աշխարահռչակ երգիչ Շառլ Ազնաւուրը:

Թուրքիոյ մէջ արգիլուած ֆիլմերու ցանկին մէջ են՝ Ալան Փարքըրի «Կէսգիշերային ճեպընթացը» (1978թ.), Լարս Ֆոն Թրիերի «Նիմֆոմանուհին» (2013), Տէյվիտ Լինչի «Լոուրընս Արաբացին» (1962) եւ Էլիա Քազանի «Ամերիկա, Ամերիկա» (1963) ժապաւէնները, կը հաղորդէ news.am-ը: