«Հին Գիւմրի»-ն նամականիշերու «Եւրոպա» ամէնամեայ մրցոյթին ներկայացուած է

«Հին Գիւմրի» նամականիշը ներկայացուած է «Հնագոյն փոստային երթուղիներ» թեմայով նամականիշերու «Եւրոպա» ամէնամեայ մրցոյթին, որ արդէն սկսած է:

Այս մասին կը տեղեկանանք «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի տեղեկատւութեան բաժինէն։

Այս տարի Հայաստանը կը մասնակցի փոստային նամականիշով, ուր պատկերուած է հին Գիւմրին, որ իր բազմաթիւ երթուղիներով 19-րդ դարուն կը հանդիսանար Հայաստանի առաջին մշակութային եւ քաղաքական կեդրոնը: Նամականիշի ձեւաւորման հեղինակն է «Հայփոստ» ՓԲԸ-ի ձեւաւորող Դաւիթ Տովլաթեան:

«Հին Գիւմրի» նամականիշի օգտին քուէարկելու համար անհրաժեշտ է այցելել մրցոյթի կայք: Քուէարկութիւնը պիտի իրականացուի մինչեւ այս տարուան Սեպտեմբեր 9: