Չեխիոյ նախագահի այցելութիւնը հայ գործարարի հիմնած գործարանին

Սեպտեմբեր 22-ին Մորաւասլեզլեան տարածաշրջան կատարած այցի ծիրէն ներս Չեխիոյ նախագահ Միլոշ Զեման այցելած է նաեւ «Մարլենքա» գործարան եւ ծանօթացած յայտնի գործարար Գէորգ Աւետիսեանի հիմնադրած թխուածքի արտադրութեան: Չեխիոյ նախագահը ոչ միայն շրջած է գործարանին մէջ, ծանօթացած արտադրական գործընթացին, այլեւ՝ հանդիպած աշխատակիցներուն, զրուցած եւ ծանօթացած անոնց աշխատանքային պայմաններուն:

Սուրճի սեղանի շուրջ նախագահ Զեման զրուցած է նաեւ Գէորգ Աւետիսեանի հետ, իր հիացմունքը յայտնած հայկական թխուածքով, հետաքրքրուած «Մարլենքայի» տարածման աշխարհագրութեամբ: Գէորգ Աւետիսեան իր հերթին շնորհակալութիւն  յայտնած է նախագահին ոչ միայն այցելութեան համար, այլեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին անոր կատարած հայանպաստ յայտարարութեան համար: Նախագահի այցելութիւնը տեւած է 1.5 ժամ: Նախագահին ներկայութեամբ «Մարլենքա Ինթերնեշընլ» ընկերութեան  նախագահ Գէորգ Աւետիսեան եւ Մորաւասլեզեան  երկրամասի նահանգապետ Միրոսլաւ Նովակը ստորագրած են համագործակցութեան հռչակագիր: Հաշուի առնելով , որ ընկերութեան այցելութիւններու շրջանին մէջ մեծ թիւ կը կազմեն դպրոցականները, «Մարլենքա» ընկերութիւնը անակնկալ նուէր  մատուցած է նաեւ երկրամասի կրթական կեդրոնին:

Իսկ երեկոյեան, Օստրաւայի մէջ Մորաւասլեզեան տարածաշրջանի գործարարներու հետ ընթրիքի ընթացքին նախագահը յատուկ յիշատակած է Մարլենքայի արտադրութիւնը, ընդգծելով, որ այն լաւագոյնս կը ներկայացնէ ոչ միայն մարզը, այլեւ ողջ Չեխիան: