Նինոծմինտայի Գանձա գիւղին մէջ տեղական պիւտճէի ֆինանսաւորմամբ կը կառուցուի նոր ջրամբար 40 թոն կարողութեամբ: Գանձայի մէջ նաեւ կ՛իրականացուի ջրատար գիծ գիւղի թաղամասերէն մէկուն համար, որ մինչ այդ ունէր խմելու ջուրի խնդիր եւ գրեթէ 45 ընտանիքներ զրկուած էին ջուրէն:
Աշխատանքները կ՛ընթանան մեծ թափով, քանզի ծրագիրով մինչեւ ձմեռ նախատեսուած է աշխատանքները աւարտին հասցնել: