Թիֆլիսի մէջ, Կիրակի՝ 31 Մայիս 2020-ին, իրականացած է Սայաթ-Նովային նուիրուած աւանդական «Վարդատօն»-ը: Այս մասին կ’իմանանք Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ վիրահայոց թեմէն։
Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.
«Վիրահայոց թեմի նախաձեռնութեամբ թիֆլիսահայերը դարձեալ առիթ ունեցան աւանդաբար Մայիս ամսուան վերջին Կիրակի օրը կարմիր վարդեր զետեղելու հայ մեծանուն աշուղ եւ ժողովուրդներու բարեկամութեան երգիչ Սայաթ-Նովայի շիրիմին:
Կիրակի՝ 31 Մայիս 2020-ին, Թիֆլիսի Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ մէջ վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ հոգեշնորհ Տէր Կիրակոս վարդապետ Դաւթեանի հանդիսապետութեամբ, Հոգեգալստեան տօնական Սուրբ Պատարագ մատուցեց հոգեւոր ծառայող արժանապատիւ Տէր Վիրապ քահանայ Ղազարեանը: Սրբազան արարողութիւնը իրենց ներկայութեամբ պատուած էին Վրաստանի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Ռուբէն Սատոյեան «Եւրաստան» թերթի խմբագիր Վան Պայպուրթեան, համայնքային կառոյցներու ղեկավարներ, թիֆլիսահայ մտաւորականութեան ներկայացուցիչներ, բազում հաւատացեալներ:
Յաւարտ Սրբազան արարողութեան, ներկաները ուղղուեցան եկեղեցւոյ բակին մէջ հանգչող Սայաթ-Նովայի գերեզման, ուր, Առաջնորդական տեղապահի նախագահութեամբ եւ հոգեւոր դասու մասնակցութեամբ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան կարգ, որմէ ետք Սայաթ-Նովայի արուեստի անմահութեան, անզուգական Երգչի յիշատակի մասին խօսք արտասանեց Տէր Կիրակոս վարդապետ Դաւթեան:
Այնուհետեւ ներկաները վարդ ու ծաղիկներով, սէր ու ժպիտով զարդարեցին անմահ Սայաթ-Նովայի շիրիմը: Վիրահայոց թեմի առաջնորդական տեղապահը եւ Վրաստանի ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպանը համայնքային գործիչներուն ուղեկցութեամբ ծաղիկներ զետեղուեցան նաեւ Մեյտան թաղամասի մէջ զետեղուած Սայաթ-Նովայի խորհրդանշական յուշարձանին առջեւ:
Մինչեւ ուշ ժամանակ Սուրբ Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ բակին մէջ Սայաթ-Նովայի անմահ երգն ու երաժշտութիւնը կը հնչէր, դառնալով «Վարդատօնի» ձեւափոխուած, սակայն անխափան տօնակատարութիւն եւ Սայաթ-Նովա երգիչին հանդէպ սիրոյ եւ անոր երգարուեստի անմահութեան դրսեւորում», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ: