ԳԱՆԱՏԱՀԱՅ ԱՐՈՒԵՍՏԱԳԷՏՆԵՐԷՆ՝ ՄԿՐՏԻՉ ՏԱՐԱԳՃԵԱՆ

Գանատահայ քանդակագործ Մկրտիչ Տարագճեան ծնած է Հալէպ, Դեկտեմբեր 1952ին: Յաճախած է Հայկազեան ու Քարէն Եփփէ վարժարանները եւ ՀԲԸՄի Սարեան Արուեստի Ակադեմիան:

Հալէպի բժշկական համալսարանը յաճախելէ ետք (1972-1978), մասնագիտական կրթութիւն ստանալու համար 1982ին կը մեկնի Գանատա, ուր կը ստանայ Մք Գիլ Համալսարանէն բժշկութեան վկայականը: Փոքր տարիքէն արուեստի հանդէպ ունեցած է մեծ սէր եւ ուսումնական տարիներուն իսկ ստեղծագործած է: Ան ինքնուս արուեստագէտ մը ըլլալով հանդերձ հարստացուցած է ինքզինք արուեստի գիտութեամբ ու փորձառութեամբ: Փորձած է պահել իր ուրոյն ոճը շնորհիւ իր խոբրհրդատուին համբաւաւոր քանդակագործ Արթօ Չաքմաքճեանի եւ որուն հետ ունեցած երկարամեայ մտերմութիւն:

Տարագճեանի քանդակներէն շատերն իրենց կարեւոր տեղը ունին հայրենիքի մշակութային օճախներուն մէջ, ինչպէս՝ Արամ Խաչատուրեանի, Եղիշէ Չարենցի եւ Շարլ Ազնաւուրիտուն թանգարաններու մէջ, նաեւ՝ Օփերայի Տան, Ժամանակակից Արուեստի, Կոմիտասի անուան Կամերային երաժշտութեան տան, Սարդարապատի Յուշահամալիրի, Հայոց Ազգագրական թանգարանի եւ Ազգային երաժշտանոցի մէջ:

Բացի Հայաստանէն արուեստագէտին գործերուն կը հանդիպինք Գանատայի եւ Միացեալ Նահանգներու զանազան հանրային վայրերու եւ հաստատութիւններու մէջ: Իր ստեղծագործութիւններէն են Եուսուֆ Քարշի (Օթթաուա), Արմէն Գարոյի (Ուաշինկթըն), Կոմիտասի (Մոնթրէալ) արձանները եւ Մոն Ռոյալի հանրային գրադարանի մուտքին զետեղուած «Ընթերցողը» կերպարին մեծադիր արձանը:

 

Ըստ արուեստաբան Մովսէս Հերկելեանի  Մկրտիչ Տարագճեան որդեգրած է դասական գերիրապաշտ արտայայտչաձեւը: