Աւստրիոյ Ազգային խորհուրդը միաձայնութեամբ վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրը: Այս մասին, Facebook-ի իր էջին վրայ գրած է Հայաստանի Ազգային ժողովի «Իմ Քայլը» խմբակցութեան անդամ Վիկտոր Ենգիբարեան: Ան ներկայացուցած է Աւստրիոյ Ազգային խորհուրդի Աւստրիա-Հարաւային Կովկաս պատգամաւորական խումբի նախագահ Կունտրուն Քուկլերի ելոյթին տեսագրութիւնը եւ անոր խօսքին ոչ-պաշտօնական թարգմանութիւնը, զոր կը ներկայացնենք ստորեւ.
«Յարգելի՛ գործընկերներ,
Իբրեւ Աւստրիա-Հարաւային Կովկաս պատգամաւորական խումբի նախագահ, որ Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի հետ կը ներառէ նաեւ Հայաստանը, կ’ուզեմ անդրադառնալ օրակարգի առաջին հարցին, որ կը վերաբերի Եւրոպական Միութեան եւ Հայաստանի միջեւ համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրի վաւերացման:
«Հայաստանի հետ մեզ կը կապեն դարաւոր բարեկամական յարաբերութիւններ: Հաւանաբար շատեր Հայաստանը կը ճանչնան «Ռատիօ Երեւան»-ի կատակներէն, սակայն անիկա շատ քիչ է` Հայաստանը առաջարկելու շատ բան ունի: Այս համաձայնագիրը, որուն կողմերն են Եւրոպական Միութիւնը եւ Հայաստանը, եւ զոր կը վաւերացնեն Եւրոպական Միութեան անդամ երկիրները, ունի երկու ուղղուածութիւն, որոնցմէ առաջինը` ժողովրդավարութեան ամրապնդումն է: Շատերը կը յիշեն 2018-ին, Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած յեղափոխութիւնը, որ կոչուեցաւ «թաւշեայ», երբ երկրին այդ ժամանակուան ղեկավարի սահմանադրական փոփոխութեան մէկ հնարքով իր հետագայ պաշտօնավարումը ապահովելու ցանկութիւնը յանգեցուց բողոքի ցոյցերու: Այդ ցոյցերը խաղաղ էին: Հայաստանը պէտք է շնորհաւորել անոր համար, որովհետեւ մինչ այդ նման բնոյթի ցոյցեր չէին եղած: Տեղի ունեցան վարչապետի ազատ ընտրութիւններ, ինչ որ ողջունելի էր ԵԱՀԿ-ի կողմէ: Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան կէս տարի ետք հրաժարական տուաւ նոր խորհրդարանական ազատ ընտրութիւններ ապահովելու համար, ինչ որ նոյնպէս ողջունուեցաւ ԵԱՀԿ-ի կողմէ: Հայաստան մեծ յառաջընթաց կ’արձանագրէ ժողովրդավարական փոփոխութիւններու, փտածութեան դէմ պայքարի, դատական-իրաւական համակարգին մէջ սահմանադրական բարեփոխումներու գործընթացին մէջ:
«Համաձայնագիրին երկրորդ կարեւոր բաղադրիչը ազատ առեւտուրն է. Հայաստան յատուկ դերակատարութիւն ունի ԵԱՏՄ-ի եւ Եւրոպական Միութեան միջեւ յարաբերութիւններուն մէջ: Հայաստան ԵԱՏՄ-ի անդամ է: Համապարփակ եւ ընդլայնուած գործընկերութեան համաձայնագիրին վաւերացումով կը մեծնան ԵԱՏՄ-ի հսկայ շրջանին մէջ Աւստրիական ընկերութիւններու մուտքի հնարաւորութիւնները: Հայաստանի համար երկու ուղղութիւններով լաւ յարաբերութիւնները կարեւոր են: Հայաստան աշխարհագրական օրէն բարդ դրութեան եւ ծանր հակամարտութեան մէջ է իր երկու դրացիներուն հետ: Երկրին մէջ կը բնակին 3 միլիոն մարդիկ, եւս 3 միլիոն հայեր կը բնակին Եւրոպայի մէջ, որոնցմէ 5000-ը Աւստրիոյ քաղաքացի են: Արդէն նշեցի մեր բազմադարեայ կապին մասին: Շուրջ 200 տարիէ ի վեր, Վիեննայի մէջ կը գտնուի Մխիթարեան միաբանութեան եկեղեցին` իր հրաշալի թանգարանով եւ գրադարանով:
«Վիեննայի մէջ կը գտնուի նաեւ Հայ եկեղեցւոյ Եւրոպայի թեմի եպիսկոպոսին նստավայրը: Համագործակցութեան առումով, Հայաստան մեզի համար կեդրոնական երկիր է: Ելոյթս աւարտեմ 1915-1916 թուականներուն տեղի ունեցած Ցեղասպանութեան մասին խօսքով. դժբախտաբար, բոլոր պետութիւնները չեն, որոնք ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը: Երեւանի մէջ Ցեղասպանութեան յուշահամալիրին մէջ կը փողփողին Ցեղասպանութիւնը ճանչցած 32 պետութիւններու դրօշները: Անոնց կարգին հպարտութեամբ կը տեսնենք նաեւ Աւստրիոյ դրօշը: Անոր համար շնորհակալութիւն պէտք է յայտնենք մեր նախորդ գումարման խորհրդարանի խմբակցութիւններուն: Հայաստանի համար շատ կարեւոր է Ցեղասպանութեան ճանաչումը: Մեզմէ շատերը Ցեղասպանութեան մասին գիտեն Ֆրանց Վերֆելի «Մուսա Լերան 40 Օրերը» վէպէն: Վստահ եմ, որ այսօր օրակարգի վրայ գտնուող վաւերացման ենթակայ 7 համաձայնագիրներու շարքին կը վաւերացուի նաեւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համապարփակ եւ ընդլայնուած համագործակցութեան մասին համաձայնագիրը»: