Սպանիոյ RTVE առաջին ալիքով տեղի պիտի ունենայ հայկական պատմական «Ուրարտու. Մոռցուած Թագաւորութիւն» ֆիլմի անդրանիկ ցուցադրութիւնը. այս մասին «Ինֆոթեքա 24»-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է ֆիլմի արտադրող, HAYASA մշակութային-կրթական կեդրոնի հիմնադիր տնօրէն Տիգրան Մանասեան:
Բեմադրիչ Վահէ Վարդանեանի ֆիլմը կը պատմէ աշխարհի հնագոյն պետութիւններէն մէկուն` Ուրարտուի մասին. ան Աստուածաշունչին մէջ կը յիշատակուի որպէս Արարատի երկիր:
Դիտարկումին, թէ ֆիլմը երբ պիտի ցուցադրուի Արցախի, Հայաստանի կամ Ռուսիոյ մէջ, Մանասեան պատասխանած է, որ երեւանեան ցուցադրութիւնը նախատեսուած է Երեւանի օրը կինոթատրոններէն մէկուն մէջ: Բայց «Քորոնա» համաճարակի հետ կապուած իրավիճակը հնարաւոր է` փոխէ ծրագիրները, իսկ անդրանիկ ցուցադրութիւնը կրնայ տեղի ունենալ երկրին մէջ զանգուածային ձեռնարկներու արգելքը հանելէն ետք:
Ան աւելցուցած է նաեւ, որ ֆիլմը ստեղծողները կ’աշխատին այնպէս ընել, որ ան ցուցադրուի աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ: Մասնաւորապէս, բանակցութիւններ կ’ընթանան Միացեալ Նահանգներու, Ճափոնի եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ ֆիլմը ցուցադրելու համար:
Ֆիլմը նկարահանուած է 4 երկիրներու` Ռուսիոյ, Ֆրանսայի, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ (Արեւմտեան Հայաստանի) մէջ: