Աշխարհահռչակ նկարիչ, վերացական արտայայտչապաշտութեան ամերիկեան դպրոցի գլխաւոր ներկայացուցիչ Արշիլ Գորկին 1916-19թթ հայոց պատմութեան ամենաբարդ ժամանակաշրջանին կ’ապրէր Երեւանի կեդրոնը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Armradio-էն։
Այդ տարածքը այսօր կը կոչուի Աբովեան փողոցի փակուղի․ յայտնի լրագրող, հասարակական գործիչ Ադօ Ադոյեան, նկարիչի հօրեղբօր տղան էր, որուն հետ անցած էր ողջ մանկութիւնը։
Աշխարհի ամենայայտնի ցուցասրահներուն մէջ են Արշիլ Գորկիի նկարները։ Հայաստանի մէջ, այսօր, կայ միայն մէկ գծանկար, սակայն ան Հայաստանին կտակած է բաւական մեծ թիւով նկարներ, որոնք Հայաստան պիտի բերուին եւ պիտի հանգրուանեն Էջմիածինի մէջ։