ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՊՈՂՈՏԱՆ

Երե­ւա­նի Օփե­րա­յէն, մին­չեւ Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րակ եր­կա­րող Հիւ­սի­սա­յին պո­ղո­տան, մայ­րա­քա­ղա­քի սիրտն է: Ամ­րան երե­կո­նե­րուն, պո­ղո­տան լրիւ տար­բեր կշ­ռոյ­թով կը բա­բա­խէ, տար­բեր գու­նա­ւո­րում կը ստա­նայ, տար­բեր համ ու հոտ:

Գտն­ուած եմ զա­նա­զան մայ­րա­քա­ղաք­նե­րու հրա­պա­րակ­նե­րը, շատ բա­նե­րու ակա­նա­տես եղած եմ, սա­կայն Երե­ւա­նի նման բան չեմ տե­սած. թե­րեւս հայ­կա­կան է, իմ հա­րա­զատս է ըսե­լո՞վ… չեմ կար­ծեր, որով­հե­տեւ օտար այ­ցե­լու­ներ ալ մի­եւ­նոյն տպա­ւո­րու­թիւնը կ՛ու­նե­նան:

Քա­ղա­քի ամե­նան­շա­նա­ւոր վա­ճա­ռա­տու­նե­րը այս­տեղ են, ամէն քայ­լա­փո­խի սր­ճա­րան մը կայ, կամ ճա­շա­րան մը, իսկ այս բո­լո­րէն կա­րե­ւո­րը ճե­մող­նե­րուն հոծ թիւն է ու բա­ցօ­թ­եայ «ար­ուես­տա­նոց­նե­րը»: Նկար­չա­կան դպ­րոց­նե­րու աշա­կերտ­ներ, կամ շր­ջա­նա­ւարտ­ներ եռո­տա­նի­նե­րու վրայ իրենց գծան­կա­րած դէմ­քե­րը կը ցու­ցադ­րեն ու մար­դոց կը հրա­ւի­րեն որ նս­տին ու իրենց դի­ման­կա­րը ու­նե­նան, փո­խան փոքր գու­մա­րի մը:

Երա­ժիշտ-կա­տա­րող­նե­րու թիւը մեծ է. կան ան­հատ­ներ, որոնք սրին­գով, քլա­րի­նէ­թով, կամ ձեռ­նա­դաշ­նա­կով կը նուա­գեն ու իրենց դի­մաց դր­ուած տու­փի­կին մէջ ան­ցորդ­նե­րէն ման­րուք­ներ կը ստա­նան: Կան խում­բեր, եր­բեմն օտար, աւե­լի կազ­մա­կերպ­ուած գոր­ծի­քա­ւո­րու­մով իրենց երաժշ­տու­թիւնը կը սփ­ռեն ու կը հրա­ւի­րեն ան­ցորդ­նե­րը, որ­պէս­զի կե­նան եւ ունկնդ­րեն: Այլ տեղ մը, հայ­կա­կան զուռ­նա­յի պա­րե­ղա­նակ­նե­րուն տակ, ան­ցորդ­նե­րը իրար շղ­թայ­ուած, աշ­խոյժ շուրջ­պա­րով մեծ թիւով հե­տաքր­քիր­նե­րու օղա­կին մէջ գե­տի­նը կը թն­դացը­նեն: Անոնք այն­քան ու­րախ եւ աշ­խու­ժօ­րէն կը պա­րեն, որ ան­կա­րե­լի է քեզ ալ չքա­շեն շուրջ­պա­րին մէջ: Այս տես­նո­ղին պի­տի թուի, որ հա­յաս­տան­ցի­նե­րը աշ­խար­հի ամե­նաու­րախ մար­դիկն են:

Քիչ ան­դին, կեան­քին մէջ ձա­խո­ղած երգ­չու­հի մը, իր խզ­ուած ձայ­նը ձգած, օփե­րա­յին ար­ի­ա­ներ կ՛եր­գէ ու կը ստի­պէ որ շատ մը յար­կա­բա­ժին­նե­րու պա­տու­հան­ներ փակ­ուին… Եւ այս բո­լո­րը մի­ա­խառն­ուած, տա­րա­տե­սակ ու խայ­տաբ­ղէտ, երաժշ­տա­կան քոք­թէյլ մը կը կազ­մեն:

Ան­ցորդ­նե­րուն ձեռ­քե­րուն սո­վո­րա­բար պաղ­պա­ղա­կի կո­ներ կան, իսկ դէմ­քե­րուն` ժպիտ: Այս պո­ղո­տա­յին մէջ տխ­րու­թիւնը տեղ չու­նի, կեան­քը կ՛եռայ եւ դուն չես կր­նար լու­սանց­քի վրայ մնալ, դուն ալ մաս պի­տի կազ­մես ընդ­հա­նուր բարձր տրա­մադ­րու­թեան: Մի­ակ անտ­րա­մա­դիր դէմք ու­նե­ցող­նե­րը մու­րաց­կան­ներն են, որոնց կր­նաս հան­դի­պիլ ամէն վայրկ­եան. անոնք ալ իրե՛նց դե­րին մէջ են. ան­շուշտ եթէ չըլ­լա­յին, աւե­լի լաւ պի­տի ըլ­լար, սա­կայն գործ է, պի­տի աշ­խա­տին: Դժ­ուար է զա­նա­զա­նել իրա­ւը սու­տէն, իս­կա­կան աղ­քա­տը, ար­հես­տա­վարժ մու­րա­ցի­կէն: Քա­նիցս գրե­ցինք, որ լու­ծում մը տր­ուի այս տգեղ երե­ւոյ­թին, սա­կայն ապար­դիւն:

Ու­րիշ տեղ մը հիւանդ երե­խա­յի մը նկա­րը ցու­ցադր­ուած է եւ դրա­մա­կան օգ­նու­թիւն կը խնդր­ուի, պզ­տի­կին վի­րա­հատ­ման հա­մար անհը­րա­ժեշտ գու­մա­րը ապա­հո­վե­լու: Ու՞ր է պե­տու­թիւնը:

Ամե­նա­հե­տաքրք­րա­կանն այն է, որ այս պո­ղո­տա­յէն ան­ցած ատենդ, ան­պայ­ման ծա­նօ­թի մը կը հան­դի­պիս. Սուր­իա­յէն եկած­ներ, այս­տեղ զի­րար կը տես­նեն ու կ՛ող­ջա­գուր­ուին. «Ե՞րբ եկար, շա­տո՞նց… գործ գտա՞ր, ու՞ր կ՛ապ­րիս, վարձ­քը շա՞տ է… պի­տի մնա՞ս… բո­լորս ալ նոյն վի­ճա­կի մէջ ենք… Աստ­ուած մեծ է…»

«Բա­ցա­ռիկ» հա­յե­րէն իմա­ցող տի­կին մը կը հարց­նէ «Յի­սուս­եան» պո­ղո­տան ու՞ր է. ««Յի­սուս­եան» չէ տի­կին, Հիւ­սի­սա­յին է»…:

 

Յակոբ Միքայէլեան