Հայ դերասան ու բեմադրիչ Արթուր Էլբակեանի դուստրը` Միացեալ Նահանգներու մէջ յայտնի արտադրող եւ լրագրող Անոյշ Էլբակեան, հինգերորդ անգամ ըլլալով արժանացած է ամերիկեան հեռատեսիլի ոլորտի բարձրագոյն մրցանակին` «Emmy Award»-ին:
Այս մասին կը յայտնէ News.am-ը:
«Boston Globe»-ի արտադրողը երկու մրցանակ ստացած է «Ամէն ինչ կը փոխուի. Քեյփ Քոտի մէջ կլիմայի փոփոխութիւնը» վաւերագրական ֆիլմին համար: «Շատ յուզուած եմ, որ երէկ երեկոյեան «Էմմի»-ի երկու մրցանակով յաղթած ենք Քեյփ Քոտի մէջ կլիմայի փոփոխութեան վերաբերեալ վաւերագրական տեսանիւթին համար»,- Facebook-ի մէջ գրած է ան:
Անոյշ Էլբակեան ամերիկեան «Boston Globe» պարբերականի լրագրողն է ու արտադրող: Ան նախապէս մասնակցած է «Boston Globe» մարաթօնին ահաբեկչական յարձակումներու լուսաբանման վերաբերեալ եւ իր խումբին հետ Փուլիտցերեան մրցանակի արժանացած:
2016-ին ան արժանացած է «Էմմի» մրցանակի «Մէկ օր Լէոյի կեանքէն» («A Day in Life of Leo») ֆիլմին համար: Էլբակեան արժանացած է նաեւ Online Journalism Award համացանցային լրագրութեան կազմակերպութեան մրցանակին` որպէս հրատապ նորութիւններու լաւագոյն տեսաբան: